ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան ձիւ­նա­հա­լի մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­րե­ւոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին՝ Թուր­քիա­յէն Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան փոխ-խորհր­դա­տու դես­պան Ա­լի Քե­մալ Այ­տըն եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ա­լեք­սէյ Մեշ­քով։ Եր­կու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը քննար­կե­ցին Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան վե­րա­կանգն­ման, տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խու­ժաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Շօ­շա­փուե­ցան նաեւ ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու Թուր­քիա այ­ցե­լու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման շուրջ խնդիր­ներ։

Թուրք եւ ռու­սա­կան կող­մե­րը կանգ ա­ռին նաեւ մշա­կու­թա­յին եւ մարդ­սի­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խու­ժաց­ման վրայ։

Թրքա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ էին Ներ­քին գոր­ծոց, Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Մինչ թրքա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նաեւ այ­սօր, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, որ Ան­գա­րա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւոր չէ վե­րա­կանգ­նել կա­խար­դա­կան փայ­տի­կո­վ։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016