ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի Մոսկուա կատարած այցելութեան շրջագծով երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր եւ անոնց շուրջ Ուաշինկթըն-Մոսկուա համագործակցութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ ռուս-ամերիկեան բարձրաստիճան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Ճոն Քերիի հանդիպումը Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Ամերիկացի պետական քարտուղարի շփումներուն շուրջ Մոսկուայէն ցարդ կատարուած հաղորդումներուն մէջ տակաւին որեւէ անդրադարձ չէ կատարուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շուրջ որեւէ անակնկալ չի կրնար ըլլալ։ Ռուս բանբերը պատասխանեց լրագրողի մը հարցումին, թէ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկատուութեան առկայ բացակայութիւնը հետագային չի՞ կրնար տհաճ անակնկալի մը վերածուիլ հակամարտ կողմի հասարակութիւններուն համար։ Ի պատասխան Զախարովա նշեց, թէ նման բան մը տեղի կրնար ունենալ, եթէ բանակցութիւններուն չմասնակցէր հակամարտ կողմերէն մին։ «Որեւէ տհաճ անակնկալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ սա բանակցային գործընթաց մըն է, որուն մէջ ներառնուած են բոլոր կողմերէն մասնագէտներ։ Սա այն ինչ է, որ կը կոչուի մագոգային դիւանագիտութիւն», ըսաւ Զախարովա։
Բաց աստի, Զախարովա դիտել տուաւ, որ մտահոգութիւն պէտք է յառաջացնէ պայմանաւորուածութիւններուն բացակայութիւնը։ «Կարեւոր է այնպէս մը ընել, որ ներկայիս աշխուժօրէն շարունակուող այդ գործընթացը ունենայ շինիչ աւարտ մը եւ կողմերուն խաղաղութեան յոյս բերէ տարածքաշրջանէն ներս։ Հիմա շատ կարեւոր պահ մըն է եւ անհրաժեշտ է ընել այնպէս, որ բոլոր խումբերը խաղան ընդհանուր արդիւնքի մը համար, մասնաւորապէս՝ բռնութեան դադրեցման, նոր արիւնահեղութեան հաւանականութիւններու կանխման», ըսաւ Զախարովա։
Իր խօսքին մէջ ռուս բանբերը յիշեցուց, որ երկու երկիրներու ղեկավարութիւնները կը մասնակցին բանակցութիւններուն եւ անոնց շուրջ տեղեակ են նաեւ երկու կողմերու մասնագէտները։ Ուստի, որեւէ անակնկալ չի կրնար ըլլալ։ Ըստ Զախարովայի, վտանգաւոր կրնայ ըլլալ բանակցութիւններուն ապարդիւն մնալը։
Պատասխանելով կարգաւորման գործընթացին վրայ Թուրքիոյ հաւանական ազդեցութեան վերաբերեալ հարցումի մը՝ Մարիա Զախարովա նշեց, որ ամէն տեսակ շինիչ աջակցութիւն կրնայ նպաստել հակամարտութեան կարգաւորման։
Ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու արդիւնքի սպասման մթնոլորտին մէջ, Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկը։ Ստեփանակերտի մէջ ան ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։
ՍԱՀՄԱՆԸ ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ
Դիւանագիտական բոլոր ջանքերով հանդերձ Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ գիշեր հանդէս եկան շփման գծին վրայ յառաջխաղացման փորձով մը։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը կանխեց Ատրպէյճանի յարձակումը։