ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻԱ ՆԵՐԿԱՅ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՆՇԷ 15 ՅՈՒԼԻՍ 2016 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԶԻՆԵԱԼ ՁԱԽՈՂ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Այս շաբաթավերջին Թուրքիոյ օրակարգը կը բնորոշէ 15 Յուլիս 2016 թուականի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձի տարելիցը։ Ամբողջ շաբաթավերջին ընթացքի մէջ կ՚ըլլայ նահատակներու ոգեկոչման ուղղեալ բազմակողմանի ծրագիր մը, որուն ներգրաւուած է նաեւ պետական աւագանին՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Համապատասխան իրադարձութիւնները վերջին օրերուն արդէն սկսած են արժանանալ հանրային կարծիքի ուշադրութեան, իսկ շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ գագաթնային փուլը։

15 Յուլիս 2016 թուականին պատահածը բառին բուն իմաստով պատմական, անկիւնադարձային եղաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Հանրապետական շրջանի մէկէ աւելի զինուորական միջամտութիւններով ժողովրդավարութիւնը ընդհատուած է Թուրքիոյ մէջ։ 15 Յուլիս 2016 թուականի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը թէեւ ժողովրդավարութեան բնականոն ընթացքի խաթարումի մը տեղի չտուաւ, սակայն մետայլի միւս երեսակին՝ երկրի ժողովրդավարութեան առջեւ նոր ու բարդ մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջան մը սկսաւ։ Այս ժամանակաշրջանը տակաւին շատ նոր է։ Արդէն տարիէ մը ի վեր Թուրքիոյ մէջ ի զօրու է արտակարգ դրութիւն։ Պետական համակարգէն ներս լայնածաւալ գործողութիւններ եւ հետաքննութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը կազմակերպած ահաբեկչական խմբաւորումը բացայայտելու եւ ոչնչացնելու առաջադրութեամբ։ ՖԵԹԷՕ կոչուած այդ կազմակերպութիւնը ներթափանցած է պետական համակարգի բոլոր օղակներուն։ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումէն սկսեալ, մինչեւ զանազան աստիճաններու վրայ այդ ցանցին բացայայտուիլը՝ պետութեան առջեւ այսօր գոյութիւն ունի լուրջ մարտահրաւէր մը։ Թէ՛ այս անյետաձգելի հրամայականը եւ թէ անկէ բխած բոլոր ստիպողութիւնները ժողովրդավարութեան սահմաններու մէջ կեանքի կոչելը նոր խնդիրներու ծնունդ տուած է Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ։

Անցեալ տարուան զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն առաջ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքը արդէն բաւականաչափ բեւեռացած էր։ Իրերայաջորդ ընտրութիւններն ու վերստին թափ ստացած ահաբեկչական բռնարարքները կը ստեղծէին այնպիսի կացութիւն մը, որու հետեւանքները կը հասնէին ծանր համեմատութիւններու։ Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրադրութիւնն ալ անխուսափելիրօրէն իր ազդութիւնը կ՚ունենար ու կը շարունակէ ունենալ երկրին վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին, զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը նոր ու փոթորկալից շրջան մը բացաւ Թուրքիոյ առջեւ։ Սկիզբին թէեւ քաղաքական դաշտէն ներս պահ մը միասնականութիւն ապահովուեցաւ։ Բոլորը շատ ծանր ընդունած էին Ազգային մեծ ժողովի շէնքի ահաբեկիչներու կողմէ ռմբակոծման երեւոյթը։ Առաջին պահու այդ համախմբուածութիւնը չշարունակուեցաւ նոյնութեամբ եւ աւելի՛ն՝ շարունակական փուլերուն Յուլիսի 15-ի վերաբերեալ եղելութիւններն ալ եկան աւելնալ այն գործօններուն վրայ, որոնք պառակտուած ու բեւեռացեալ վիճակի մը մէջ կը պահեն Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը։

Զինեալ յեղաշրջման փորձէն տարի մը անց, այս շաբաթավերջին Թուրքիա կը վերյիշէ այդ տխուր ու սարսափելի գիշերը։ Հարիւրաւոր նահատակներ խլած, զինուորական օդային կամ ցամաքային սարքաւորումներու օգտագործումով զուգորդուած այդ գիշերը արդէն վաղուց ունի իր տեղը ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Տարի մը անց արդէն կշիռքի վրայ են բոլոր հանգամանքները, բոլոր գործօնները եւ անոնց լոյսին տակ երկիրը կը փորձէ դասեր քաղել, կը ջանայ առողջ հաշուեկշիռ մը կատարել։ Այդ բոլորին նպատակն է ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը երկրէն ներս, խրախուսել միասնականութիւնը, առաւելագոյնս երաշխաւորել ժողովրդավարութիւնը եւ արժանի ըլլալ դէպքերու ընթացքին նահատակուած հարիւրաւորներու յիշատակին։

Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բոլորը անցեալ մէկ տարուան իրադարձութիւնները կը դիտարկեն՝ իրենց աշխարհահայեացքով, քաղաքական դիրքորոշումներով ու մանաւանդ ապագայի վերաբերեալ տեսլականով։ Յաղթահարուած զինեալ յեղաշրջման փորձը կը շարունակէ արտակարգ վիճակի մէջ պահել երկիրը։ Դէպքերուն յաջորդած մէկ տարին բաւարար չէ եղած ժամանակի առջեւ բիւրեղացնելու եւ յստակեցնելու համար բոլոր նրբութիւնները։ Թուրքիա շատ յաճախ միջազգային ընտանիքին հետ անհաղորդ կացութեան կը մատնուի, ինչ որ, իր հերթին, կը հրահրէ ներքին քաղաքական բեւեռացումները։ Զանազան դէպքերու կամ վարկածներու վերաբերեալ բոլորը ունին թեր ու դէմ կարծիքներ։ Դատական գործընթացները տակաւին չեն աւարտած։ Հետեւաբար, բոլոր մօտեցումները պատմութեան փորձաքարին ենթարկելու տեսակէտէ ժամանակները տակաւին վաղ են։ Այդ գործընթացի յաջողացումով աստիճանաբար երկիրը պիտի յաղթահարէ իր առջեւ առկայ շարք մը հակասութիւնները, որոնք ատեն-ատեն կ՚ունենան սուր դրսեւորումներ։ Ձախող պետական հարուածին յաջորդած տարուան տեւողութեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ հանրաքուէ մը։ Թէեւ ժողովուրդը իր կամքը արտայայտելու համար փութաց քուէատուփի մօտ, սակայն այդ կամքի արտայայտութիւնը բաւարար չեղաւ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ դրական ազդակի մը վերածուելու կամ գոնէ լիցքաթափում մը ապահովելու։ Քաղաքական դաշտէն ներս եւ հասարակութեան հարթութեան վրայ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ սպասումներն ու նախաձեռնութիւնները հակադիր, իրերամերժ հունի մը մէջ կ՚ընթանան։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, պետական աւագանին կը ջանայ յստակ պատգամներ փոխանցել հանրային կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին։ Իշխանութիւնները կը փորձեն համոզիչ ըլլալ այն մասին, թէ վճռական են ժողովրդավարութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ ու միեւնոյն ժամանակ անզիջող՝ այն շրջանակներուն կամ ուժերուն դէմ, որոնք կը չարաշահեն ժողովրդավարութիւնը։

Ինչպէս լուրջ հիւանդութենէ մը յաջող բայց ծանր վիրահատութիւնով փրկուած հիւանդ մը կ՚ունենայ բարդ ապաքինման շրջան մը, երկրին կացութիւնն ալ ներկայիս կը նմանի այդպիսի վիճակի մը։ Ծանր ցնցում մը յաղթահարած է Թուրքիան, որ մեծ ներուժով ու պետական խոր նախընթացներով երկիր մըն է։ Պետութեան բոլոր գործառոյթներուն մէջ հասկնալիօրէն կը գերակշռեն անվտանգութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները ու նոյնպէս հասկնալիօրէն սուր վէճերու ծնունդ կու տան անոնց դրսեւորումները։

Բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներով ու մտահոգութիւններով հանդերձ, Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը կը ջանայ պահել յոյսը։ Սա զուտ մարդկային լաւատեսութեան արդիւնքը չէ։ Երկիրը ցայսօր անցուցած է բազում դժուարութիւններ եւ ամէն անգամ յաջողած է դուրս գալ փակուղիէ՝ շնորհիւ իր ներուժին, պետութեան հեռատեսութեան ու ժողովուրդի միասնականութեան կամքին։ Խորքին մէջ, այսօր ալ գոյութիւն ունին այդ բոլոր գործօնները, որոնք կը հանդիսանան լաւատեսութեան աղբիւր եւ այդ լաւատեսութիւնն է, որ երկիրը հետզհետէ պիտի առաջնորդէ բնականոն ընթացքի։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Յուլիսի 15-ի առթիւ Պատրիարքական Աթոռին անունով Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկուեցան պատգամներ։ Այս շաբաթավերջին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ կ՚ոգեկոչուին անցեալ տարուան դէպքերու ընթացքին զոհուածները։

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017