ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ

Եգիպտոսի Խուրկատա քաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, անծանօթ մը զբօսաշրջիկներու վրայ յարձակում մը գործեց պանդոկի մը համալիրէն ներս։ Դէպքին հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացի վիրաւորուեցաւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յանցագործը աւելի վերջ վնասազերծուեցաւ վիրաւոր հայերու օգնութիւնով։

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017