ՃՇԴՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԱՒՐՈՐԱ»Ի 2018-Ի ԹՈՒԱԿԱՆԸ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ամենամեայ եռօրեայ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018 թուականի Յունիսի 8-10 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի մէջ:
«Ուրախ ենք, որ հանրութեան կ՚իրազեկենք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ մարդոց դէմ իրականացուող վայրագութիւններու մասին՝ պարգեւատրելով զանոնք, որոնք շարունակ կը պայքարին այդ խնդիրներու դէմ՝ վտանգելով սեփական կեանքը», ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
«Հայաստանը, որ յառաջընթաց ապրած է՝ հակառակ անցեալի տառապանքներուն, կը յաւակնի դառնալու մարդասիրական գաղափարներու, քննարկումներու եւ գործունէութեան համաշխարհային կեդրոն: Յառաջիկայ տարի եւս իրականացնելով այս կարեւոր ձեռնարկները՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, կը ձգտի շարունակելու գործով արտայայտելու երախտագիտութիւնը՝ աջակցելով կարիքի մէջ գտնուողներուն», նշած է ան:
2018 թուականի ձեռնարկներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան Aurora Dialogues քննարկումները, որ միջազգային հարթակ է գիտնականներու եւ փորձագէտներու համար՝ ուսումնասիրելու եւ քննարկելու մարդասիրական մարտահրաւէրները: Համաժողովը պիտի ձգտի բացայայտելու խնդիրները, վերլուծելու անցեալի դասերը եւ խրախուսելու նորարարական գործունէութիւնը ներկայիս՝ ապագան լաւը դարձնելու նպատակով:
2018 թուականի Aurora Dialogues քննարկումներու եւ «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը եւ լրացուցիչ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան յառաջիկայ ամիսներուն:
2018 թուականի «Աւրորա» մրցանակի համար առաջադրումներ կարելի է կատարել մինչեւ Սեպտեմբերի 8-ը՝ www.auroraprize.com հասցէով: