ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի 15 յուլիս 2016 թուականի ձախող պետական հարուածի երրորդ տարելիցը։ Ժողովրդավարութեան վերանորոգ կամքով մը վերամիաւորուած է ամբողջ երկիրը եւ ժողովուրդի բոլոր խաւերը համակուած են համապատասխան գիտակցութեամբ։

Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ճանապարհորդութեան տեսակէտէ իսկապէս բեկումնային հանգրուան մը բնորոշած են 15 յուլիսի դէպքերը, որոնք դարձած են պատմութեան սեփականութիւնը՝ որպէս ժողովուրդի կողմէ կանխուած պետական հարուած։ Այսօրուան երրորդ տարելիցը առիթ կը հանդիսանայ նաեւ նահատակներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու։ Միեւնոյն ժամանակ 15 յուլիս 2016 թուականի դէպքերը պատմութեան մէջ եկած են բնորոշել նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մարմնաւորած կերպարը։ Արդարեւ, այդ թուականին Էրտողանի ղեկավարութիւնը, որպէս առաջնորդ դիմագիծը բոլորովին տարբեր որակ մը ստացան։ Ան նոյնացաւ իր ժողովուրդին հետ եւ այդ նոյնացման շնորհիւ միանգամընդմիշտ յաղթահարուեցաւ երկրի ժողովրդավարութեան առջեւ յայտնուած մեծագոյն փորձութիւններէն մին։

Տարելիցի առթիւ, Էրտողանի մասնակցութեամբ այսօր երեկոյեան հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Էրտողան 15 յուլիս 2016 թուականի ուշ գիշերին մեծ վտանգներ, կեանքի սպառնալիքներ շրջանցելով վայրէջք կատարած էր Աթաթիւրք օդակայանը, ուրկէ դիմադրութեան կոչ ուղղած էր ժողովուրդին եւ այդ կոչին գտած համատարած արձագանգը հանդիսացած էր հիմնական գործօն մը՝ պետական հարուածը կանխելու ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019