«ԱՅԼԵՒՍ ԱՒԵԼԻ ԱՄՈՒՐ ԵՆՔ»

15 յուլիս 2016 թուականին պատահած պետական հարուածի փորձի 4-րդ տարելիցը այսօր կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ արիւնալի դէպքերէն եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցադրուած մեծ դիմադրութենէն ի վեր՝ յուլիսի 15-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս «Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր»։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տարելիցի առթիւ շեշտեց, որ պետական հարուածի փորձը ձախողած է շնորհիւ ազգին։ Ըստ իրեն, 15 յուլիսի դաւաճանութիւնը այս հողերու վրայ հազար տարիէ ի վեր ստեղծուած դժուարութիւններու ամենանենգն էր։ Նախագահ Էրտողան այս առթիւ ընդգծած է, որ Թուրքիա այլեւս շատ աւելի ամուր է։ Պետութեան եւ հասարակութեան խորապէս ներթափանցած ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը բծախնդիր աշխատութիւնով մը մեծաւ մասամբ չէզոքացուած է։

Նախագահ Էրտողան համոզուած է, որ 15 յուլիսին ձախողած պետական յեղաշրջման փորձը, միեւնոյն ժամանակ, առիթ դարձած է, որպէսզի նման բոլոր մտադրութիւնները յայտնուին պատմութեան աղբանոցին մէջ։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի հասնի 2023-ի նպատակներուն ու պիտի շարունակէ յուսախաբ ընել դաւաճաններն ու անոնց հովանաւորները։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020