ԱԴԱՄԱՆԴԱԶԱՐԴ ԴԻՄԱԿՆԵՐ

Հնդկաստանի մէջ սկսած են վաճառել ադամանդներով պատուած պաշտպանիչ դիմակներ։ Այսպէս, Հնդկաստանի Սուրաթ քաղաքի ոսկերչական խանութներէն մէկը քորոնաժահրի տարածման ընթացքին սկսած է վաճառել ադամանդներով զարդարուած պ

աշտպանիչ դիմակներ, որոնց արժէքը 2-5 եւ աւելի հազար ամերիկեան տոլար է: Այս մասին յայտնած է հնդկական ANI լրատուական գործակալութիւնը:

Խանութի սեփականատէրը գործակալութեան յայտնած է, որ նման դիմակներ ստեղծելու գաղափարը յառաջացած է այն ժամանակ, երբ ոսկերչական սրահ եկած է տղամարդ մը եւ խնդրած է «իւրօրինակ» դիմակներ պատրաստել հարսի եւ փեսայի համար:

«Մենք մեր ձեւագծողներուն յանձնարարեցինք ստեղծել դիմակներ, զորս այդ յաճախորդը գնեց: Յետոյ նման դիմակներու հաւաքածոյ պատրաստեցինք: Կան դիմակներ, որոնց պատրաստման համար դեղին ոսկի եւ ամերիկեան ադամանդներ անհրաժեշտ են: Անոնք աւելի քան 1990 ամերիկեան տոլար կ՚արժեն: Կան դիմակներ, որոնք կը պատրաստուին սպիտակ ոսկիէ եւ իսկական ադամանդներէ, որոնք 5300 ամերիկեան տոլար կ՚արժեն», նշած է ոսկերչական խանութի սեփականատէրը:

Անոր խօսքով՝ դիմակներու հիմք հանդիսացող կտորը կը համապատասխանէ պաշտպանիչ դիմակի պատրաստման չափանիշներուն: Ադամանդներն ու ոսկին, որոնք կ՚օգտագործուին, յաճախորդի փափաքին համաձայն կարելի է հանել եւ անոնցմէ այլ զարդեր պատրաստել:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020