ԱՌՑԱՆՑ ԴԻՏԵԼ՝ «ԱՐԻՒՆՈՏ ՀԱՐՍԱՆԻՔ»Ը

Կարսիա Լորքայի աշխարհահռչակ ողբերգութիւնը կը ներկայացուի առցանց հարթակի վրայ։ Այսպէս, սպանացի բանաստեղծ, թատերագիր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Արիւնոտ հարսանիք» ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած ներկայացման տեսաձայնագրութիւնը կը ցուցադրուի Վանաձորի «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական տրամաթիքական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ թատերասէրները ներկայացումը կրնան դիտել յուլիսի 18-ին, Հայաստանի ժամով 20.00-ին:

Բեմադրութեան հեղինակներն են Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Վահէ Շահվերտեան եւ Արէն Օսպիեան:

Ներկայացման մէջ դերեր ստանձնած են՝ Ալլա Դարբինեան, Արման Սաքանեան, Արթուր Պապիկեան,  Արմինէ Վերմիշեան, Էտկար Քոչարեան, Մարիամ Ղեւոնդեան, Նունէ Խեչումեան,  Տաթեւիկ Պետրոսեան, Արաքսիա Քոչարեան,  Քրիստինէ Ալիխանեան, Լեւոն Զաքարեան, Թինա Կալոյեան,  Յակոբ Տեմիրճեան, Նոնա Սաֆարեան,  Վահրամ Խառատեան եւ Էտկար Բարսեղեան:

«Արիւնոտ հարսանիք» ստեղծագործութեան դրուագները տեղի կ՚ունենան սպանական լեռնային գիւղի մը մէջ: Ամուսինը եւ աւագ որդին կորսնցուցած մայրը պէտք է ամուսնացնէ կրտսեր որդին, սակայն առաջին պահէն չի հաւնիր իր հարսը՝ իմանալով, որ աղջիկը նախապէս այլ փեսացու ունեցած է: Խօսքը Լէոնարտոյի մասին է, որ այժմ ամուսնացած է, բայց անտարբեր չէ հարսի նկատմամբ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020