ԳՐՈՂ ԱՂԱՕՂԼՈՒ ՄԱՀԱՑԱՒ

Թրքական գրականութիւնը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը։ Ոչ եւս է գրող Ատալէթ Աղաօղլու, որ 91 տարեկան հասակին Իսթանպուլի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։

1929 թուականին Անգարայի մէջ ծնած էր Ատալէթ Աղաօղլու։ Ան Անգարայի համալսարանէն ներս աւարտած էր Ֆրանսական լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Գեղարուեստական նիւթերով աշխատակցած էր զանազան լրատուամիջոցներու, նաեւ ծաւալած՝ թատերական գործունէութիւն։ Հեղինակած էր բազմաթիւ վէպեր։ Հրաժեշտի փուլին քննադատներ կ՚ընդգծեն, որ ան իր երկերով փորձած էր բացատրել Հանրապետական Թուրքիոյ ոգին։

Ատալէթ Աղաօղլուի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020