ԴԱՐՁԵԱԼ 1000-Ի ՇԵՄԷՆ ՎԱՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը 33 օր վերջ իջաւ հազարի շեմէն վար։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ ներկայացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ երկրէն ներս կատարուեցաւ 43 հազար 231 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 992 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 20 հիւանդ զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1049։ Այս պահու դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտուի 1204 վարակեալ, արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու թիւն ալ 396 է։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յիշեցուց, որ 11 յուլիսին 987 նոր վարակեալ ստուգուած էր, իսկ օր մը վերջ այդ թիւը 1195-ի բարձրացած էր։ «Հիմա մեր ձեռք առնելիք միջոցներուն արդիւնքը միջին հաշուով եօթ օր վերջ պիտի տեսնենք։ Այս օրը դարձեալ չփնտռենք», ըսաւ նախարարը եւ ընդգծեց, որ քորոնաժահրի ազդեցութեան նուազումը կախում ունի նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ հնազանդութենէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020