ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Իտլիպի մէջ։ M-4 մայրուղիի վրայ տեղի ունեցաւ այս հերթապահութիւնը, որ 21-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Կը հաղորդուի, որ այս անգամ եւս հերթապահութեան ընթացքին պատահած է դէպք մը։ Թուրք եւ ռուս զինուորները ենթարկուած են ռումբով կատարուած յարձակումի մը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, հաւանական կը համարուի, որ այդ յարձակումը կատարուած ըլլայ «Հուրրաս էտ-Տին» արմատական կազմակերպութեան կողմէ։ Սուրիայէն զանազան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ այդ յարձակումէն վերջ ռուսական ռազմաօդային զօրքերը եւ կառավարութեան ենթակայ ուժերը սաստիկ ռմբակոծումներ կատարած են Իտլիպի հարաւային շրջաններուն։ Հերթապահութեան ընթացքին պատահած դէպքին հետեւանքով երեք ռուս զինուոր վիրաւորուած է։
Երէկուան հերթապահութեան կապակցութեամբ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համաձայնութեան շրջանակներէն ներս համատեղ հերթապահութիւնները պիտի շարունակուին վճռակամօրէն՝ անհրաժեշտ բոլոր նախազգուշական միջոցներու ձեռք առնուելով։