ԿԱՆԿԱՏՈՒՆԿԷ ԿԱՇԻ…

Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։

Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է: Մեքսիկայէ երկու ձեռնարկատէրերու կողմէ մշակուած նորարարական լուծումը կ՚առաջարկէ կաշի ստեղծելու միջոց՝ պարզապէս օգտագործելով կանկատունկը, որ ոչ միայն բնապահպանականօրէն մաքուր է, այլեւ նման է եւ կը զգացուի որպէս իրական կաշի։

«Սա կը նշանակէ, որ աւելի քիչ կենդանիներ կը տուժեն, եւ աշխարհ կ՚ըլլայ աւելի լաւ», կ՚ըսեն կանկատունկէ կաշի ստանալու ձեւի նախաձեռնողներ՝ Ատրիան Լոփէզ Վելարտէ ու Մարտթ Սիզարէզ։

Կանկատունկէ պատրաստուած կաշին կարելի է օգտագործել կօշիկներէ սկսեալ մինչեւ դրամապանակներ պատրաստելու համար:

Կանկատունկը շատ ճկուն է եւ ան կրնայ դիմակայել ցած ջերմաստիճանին։ Ըստ նախաձեռնողներու, կ՚ընտրուին եւ կը կտրուին միայն բոյսի հասուն տերեւները՝ առանց վնասելու կանկատունկին։ Եւ վեց կամ ութ ամիսը անգամ մը կը հաւաքեն նոր բերքը։

Մինչեւ հիմնա ընկերութիւնը կրցած է բազմաթիւ եղանակներով օգտագործել կանկատունկի կաշին՝ ստեղծելով պայուսակներ, ինքնաշարժի նստատեղեր, կօշիկներ եւ նոյնիսկ հագուստ: Եւ քանի որ նիւթը լիովին բնապահպանական է, կաշին կը շնչէ, ինչ որ կարեւոր է, անշուշտ այս առաւելութիւնը կը պակսի կաշիի արուեստական այլընտրանքներու պարագային:

Կանկատունկի կաշիի ստեղծման գործընթացին անոնք կը կտրեն հասուն տերեւները եւ երեք օր կը չորցնեն արեւի տակ, որպէսզի հասնին անհրաժեշտ խոնաւութեան ճշգրիտ մակարդակին: Այնուհետեւ կը վերամշակեն բնապահպանական  հումքը՝ վեկան կաշի ստեղծելու համար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020