ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ՀԱՆԳԻՍՏ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ մնալ։ Վերջին օրերու բախումներէն վերջ, երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ լարուածութիւնը նուազած է եւ յարաբերական անդորր կը տիրէ սահմանին վրայ։ Հայաստանի Տաւուշի մարզը համեմատաբար հանգիստ գիշեր մը անցուց՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ռմբակոծումներուն ենթարկուելէ վերջ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի վերնախաւին հետ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան։ «Զինեալ ուժերը հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, թէ կարելի չէ մեզի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ», ըսաւ Փաշինեան այս առթիւ։

Երէկ օրուան տեւողութեան Երեւանի աղբիւրները սահմանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին։ Նոյնը ի զօրու էր նաեւ Պաքուի պարագային։ Ատրպէյճանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակէն 11 զոհ եղած է վերջին դէպքերուն ժամանակ։ Հայաստանն ալ տեղեկացուց, որ իր զինեալ ուժերէն ունի 4 կորուստ։ Հայկական զօրքերէն կան նաեւ 10 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն կացութիւնը ծայրայեղ ծանր է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջնորդած է, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յետմահու պարգեւատրէ նահատակ զինուորները։ Երէկ, նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ցաւակցականով մը հանդէս եկաւ նահատակներուն համար։

Օրուան տեւողութեան Երեւանի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հրապարակումները կ՚ապացուցանէին, թէ Հայկական զինեալ ուժերը նիւթական բաւական լուրջ կորուստներ ապահոված էին Ատրպէյճանի բանակին։ Ըստ հաղորդումներուն, աւելի քան տասն անօդաչու թռչող սարքեր վար առնուած են հայկական զօրքերուն կողմէ։ Անոնցմէ երկուքը խոցուած են երէկ երեկոյեան ժամերուն։ Բեկորները ինկած են միջդիրքային տարածք։ Հայկական զինեալ ուժերը երէկ խոցեցին նաեւ Ատրպէյճանի բանակի «Elbit Hermes 900» ամենակարեւոր եւ ամենաթանկարժէք անօդաչու թռչող սարքերէն մին։ Իսրայէլի մէջ արտադրուած այս սարքը կրակի կառավարման համակարգ կը հանդիսանայ եւ հետախուզական նպատակներով կ՚օգտագործուի։ Արծրուն Յովհաննիսեան ընկերային ցանցերու վրայ գրեց, որ երեւի աշխարհի վրայ առաջին անգամ խոցուած է այդ անօդաչու թռչող սարքը, որ արտադրուած է Իսրայէլի մէջ։ Ատրպէյճանի պարագային անոնք կը պատկանին ոչ թէ բանակին, այլեւ՝ Պետական սահմանապահ ծառայութեան։

Տաւուշի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ գործել Համահայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը՝ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ։ Իրադարձութիւններուն շուրջ համակարգուած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն մատուցելու առաջադրութեամբ առնուած քայլ մըն է այս մէկը։ Կեդրոնէն ներս պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան, որ ներկայիս «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիայէն ներս բարձր պաշտօն կը զբաղեցնէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արծրուն Յովհաննիսեան այսօր տեղեկացուց, որ սահմանի վրայ յարաբերական անդորրը կը շարունակուի։ Ըստ իրեն, վերջին բախումներուն ընթացքին Ատրպէյճան սահմանի վրայ օգտագործած է տեղւոյն վրայ առկայ գրեթէ բոլոր զինատեսակները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կ՚ընդգծուի, թէ սահմանամերձ Բերդ գիւղի ուղղութեամբ Ատրպէյճան կրակած է «Կրատ»ներով՝ երեք արկ։

Լարուածութեան նուազեցման եւ գործնական իրավիճակի յարաբերական հանգստութեան վերաբերեալ տուեալներուն առընթեր, Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ սահմանամերձ որեւէ բնակավայրէ ժողովուրդի տարհանում տեղի չէ ունեցած։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երկրի գիւղերէն ներս կը թիրախաւորեն սեփական բնակչութիւնը։

Հայկական աղբիւրները երէկ զանազան տեսանիւթերով հանդերձ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակը հրետանի մարտկոցները այնպէս կը դիրքաւորէ, որ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ կը դարձնէ յարձակումներուն։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը հանդէս կու գայ նաեւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շարունակեց իր հեռախօսազրոյցները։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Մնացականեան պաշտօնակցին տեղեկութիւններ փոխանցեց սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառման հետեւանքով։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման, հակամարտութիւններու բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Միջազգային հարթութեան վրայ ալ արձագանգները կը շարունակուին դէպքերուն կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Ալպանիոյ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռամա կոչ ուղղեց, որպէսզի հրադադարը անյապաղ վերականգնուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով։ Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց վերջին դէպքերուն բերումով ու նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչը կողմերու հետ սերտ կապի մէջ են իրավիճակը կայունացնելու համար։ Անգլիան եւս կոչ ուղղեց, որպէսզի հրադադարի խախտումները վերջ գտնեն սահմանի վրայ։ ՆԱԹՕ-էն եւս կոչ մը հնչեց՝ սահմանի վրայ լարուածութեան կանխուելուն համար։ Հարաւային Կովկասէ եւ Կեդրոնական Ասիայէ ներս ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ մտահոգութիւն յայտնեց սահմանի իրադարձութիւններուն համար։ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը ստեղծուած լարուած իրավիճակին մէջ մտահոգութիւն յայտնեց քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան համար։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Քրեմլին խորապէս մտահոգուած է սահմանի իրավիճակով։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով կողմերուն կոչ ուղղեց, որպէսզի զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ հետեւին հրադադարի պահպանման վերաբերեալ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն։

ԸՍՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՆԱՐԳԷ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ՝ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇԻՌ ԸՆԹԱՑՔՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եղբայրական Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւել։ Ըստ իրեն, Անգարա երբեք պիտի չվարանի դիրք գրաւել՝ Ատրպէյճանի իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութիւնը թիրախաւորած ամէն տեսակ յարձակման դէմ։ «Մեր վզին պարտքն է՝ տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մեր բոլոր քաղաքական, դիւանագիտական եւ ընկերային յարաբերութիւնները շարժման անցընել այս ուղղութեամբ։ Այս նիւթին շուրջ մասնաւորապէս ըսել կ՚ուզեմ հետեւեալը. «Երկիր մը, որ իր տարածքէն ներս քաղաքական, տնտեսական, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական, ենթակառուցուածքներու եւ լայն բնագաւառներու վրայ տարածուած բազմաթիւ խնդիրները չէ կրցած լուծել, այսպիսի յարձակումի մը մէջ մտնելով նախ եւ առաջ կ՚անարգէ սեփական ժողովուրդը», ըսաւ Էրտողան։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ այս յարձակումը Հայաստանի չափէն վեր դէպք մըն է։ Անոր նպատակն է խափանարարական մօտեցումով մը խցանել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը եւ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծել բախման նոր կէտեր։ Թուրքիա մտահոգ է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէն ի վեր տարածքաշրջանէ ներս առկայ լարուածութիւնը Հայաստանի սիստեմաթիք յարձակումներուն հետեւանքով բախումի մը վերածուած է։ «Այս վերջին յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծի վրայ չէ, ուղղակիօրէն երկու պետութիւններու սահմանին վրայ ծանր զէնքերով գործուած է։ Այս պարագան կ՚ապացուցանէ, թէ դէպքը սահմանի որեւէ ոտնձգութիւն մը չէ, բախում մը չէ, ուղղակիօրէն Ատրպէյճանի դէմ գիտակից յարձակում մըն է», ըսաւ Էրտողան, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի բանակէն զոհուած զինուորներուն համար։

Էրտողանի համոզմամբ, իրենց ընտանիքի ապրուստը ապահովելու համար Թուրքիոյ մէջ աշխատող տասնեակ հազար հայերն ալ վստահաբար անհանգիստ ըլլան իրենց պետութեան այս անհաւասարակշիռ ընթացքէն։ Նախագահը կոչ ուղղեց, որպէսզի տարածքաշրջանի երկիրները անկեղծ եւ սկզբունքային դիրք մը որդեգրեն՝ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէն ի վեր յարձակողական ընթացք որդեգրած եւ ապակայունութիւն հրահրած Հայաստանի դէմ։

Պախարակելով Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի կատարած յարձակումները՝ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա Կովկասի մէջ պիտի շարունակէ կատարել այն պարտականութիւնը, որ իր նախնիները դարեր շարունակ իրականացուցած են։

Իր կարգին, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ խստիւ դատապարտեց Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ կատարուած յարձակումը։ Ըստ իրեն, Հայաստան տարիներէ ի վեր ապօրինի ձեւով բռնագրաւած է Լեռնային Ղարաբաղը եւ նախայարձակ դիրքորոշում մը որդեգրած է։ Հուլուսի Աքարի խօսքով՝ Թուրքիա պիտի շարունակէ բոլոր հնարաւորութիւններով զօրակցիլ եղբայրական Ատրպէյճանին, «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով։

ՀԲԸՄ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ անհանգստութեամբ կը հետեւի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ Հայաստանի Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրադադարի կոպիտ խախտումներուն։

«Մեր աշխարհասփիւռ անդամներով եւ կլոպալ ցանցով հանդերձ, ՀԲԸՄ կանգնած է Հայաստանի կառավարութեան եւ զինեալ ուժերու ու Արցախի ժողովուրդի թիկունքին եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ դատապարտել Ատրպէյճանի անհիմն ռազմական բռնութիւնը, ինչ որ սպառնալիք մըն է Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020