ՋՐԲԱԺԱՆԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԺԱՄԵՐՈ՞ՒՆ

Գերազանցապէս ռազմական գործողութիւններու օր էր երէկ։ Եթէ մէկ նախադասութեամբ փորձենք երէկուան իրավիճակը նկարագրել, ապա անկասկած՝ որ շեշտը պարտաւոր ենք դնել ռազմական գործողութիւններուն վրայ։ Պատճառը միայն այն չէ, որ կիրակի օր Տաւուշի մարզին մէջ ընթացք առած զինուորական գործողութիւնները շարունակուեցան, այլեւ՝ անցեալ առնուազն տասն կամ նոյնիսկ քսան տարիներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային հատուածի երկայնքով նման բան չէր պատահած։

Ճիշդ է, որ տակաւին ոչ ոքի համար յստակ է (բացի ենթադրական հիմքով վերլուծութիւններէ), թէ Ատրպէյճան ինչո՞ւ սկսաւ նման գործողութեան մը (սա անշուշտ հայկական կողմի վարկածն է)։ Երկրորդ՝ ինչո՞ւ հայկական կողմը յատկապէս այս ծանրակշիռ փուլին օդ հանեց իր ԱԹՍ-ները (անօդաչու թռչող սարքեր) եւ լուրջ հարուած մը տուաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն։

Վերադառնալով մարտական գործողութիւններուն, ապա երէկուան օրը եղաւ զոհերու մասին «բաց» կերպով խօսելու փուլը։ Խօսողը նաեւ Ատրպէյճանն էր, որ յստակեցուց ընդհանուր պատկերը՝ նշելով, որ ունի 7 զոհ, ներառեալ բանակի բարձրաստիճան երկու սպայ։ Ապա խօսեցաւ Երեւան, որ պաշտօնապէս հաղորդեց երկու երիտասարդ սպաներու սպանութեան բօթը եւ ապա երկու այլ զինուորներու սպանութեան լուրով յստակեցուց, որ հայկական կողմի զոհերու ընդհանուր թիւն է 4։

Այս բոլորէն վերջ արագօրէն տարածուեցաւ Տաւուշի զանազան շրջաններու ռմբակոծման լուրը։ Բարեբախտաբար, խաղաղ բնակչութենէն զոհեր չունեցաւ հայկական կողմը։ Միեւնոյն ժամանակ ի յայտ եկաւ, որ Ատրպէյճանի բնակիչներու կարեւոր մէկ տոկոսը խուճապի մատնուած կը հեռանայ սահմանային գօտիէն։ Այս բոլորը գուցէ առաջին հայեացքով անկարեւոր մանրամասնութիւններ ըլլալ կը թուին, սակայն պէտք է անպայման ուշադրութեան արժանանան։

Ռազմական առումով եղան նաեւ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ։ Անոնցմէ մին էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած տեսանիւթը՝ հայկական բանակի գործողութիւններուն վերաբերեալ։ Սա, ըստ երեւոյթին, բաւական զայրացուց Ատրպէյճանի ցանցահէններու խումբերը, որոնք արագ գրոհներ կատարեցին հայկական համացանցի ամենավառ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն վրայ։ Երկրորդ կարեւոր լուրն էր, որ 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմի «իշխան» համարուած Ատրպէյճանի ԱԹՍ-ներու «միֆ»ը (առասպել) վերջնականապէս փուլ եկաւ, որովհետեւ հայկական զօրամիաւորումներ «մահացու» հարուած տալով վար առին աւելի քան տասն ԱԹՍ-ներ, որոնց մէջ էր նաեւ Իսրայէլի արտադրութեան «Հերմէզ» տիպի եւ աւելի քան 30 միլիոն ամերիկեան տոլար արժէքով անօդաչու սարքը։

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական պատկերին, ապա յստակ էր, որ երկու կողմերն ալ կը սպասեն վճռորոշ դէպքի մը կամ զարգացումի մը, որպէսզի խօսին հանրութեան հետ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բաղդատմամբ, Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մէջ։ Անշուշտ, այս մասին յաւելեալ վերլուծութիւններ ընելու առիթներ դեռ կ՚ըլլան, սակայն, այս անգամ յստակ է՝ որ Պաքու այլ ռազմական գործողութիւններու ժամանակներու համեմատ չունի նոյն ներքին կայունութիւնը։ Երեւան հանգիստ հայեացքով կը դիտարկէ զարգացումները ու յստակ է նաեւ, որ հայ իրականութեան քաղաքական հիմնական բաղադրիչներ եկած են արդէն այն եզրակացութեան, թէ ներկայ փուլին հարկաւոր է հեռու մնալ ներքին սրացումներէ։

Այսքան մոխրագոյն նօթերով եւ մտահոգիչ շերտերով Տաւուշի դէպքերու երրորդ օրուայ լրումին՝ սահմանի ամբողջ երկայնքին կը տիրէր զգուշաւոր եւ համեմատաբար խաղաղ վիճակ մը։

Էական հարցը հետեւեալն է. արդեօք այս «լռութիւն»ը մեծ փոթորի՞կ մը կը կանխէ, թէ ոչ կողմերը հասած են ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու խելամիտ որոշումին։ Հարցին պատասխանը կարելի պիտի ըլլայ ստանալ յառաջիկայ ժամերուն՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարութեան կարգադրութեամբ, Տաւուշի մէջ ստեղծուեցաւ համահայկական միասնութեան լրատուութեան կեդրոն մը՝ հանրութեան աւելի արագ եւ յստակ տեղեկատուութիւն հաղորդելու համար։

Սպասենք զարգացումներուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020