ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի մէջ կը նախատեսուի բանալ ջուրի վրայ «շարժանկարի սրահ»։

Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Սեն գետի վրայ պիտի բացուի ինքնատիպ շարժանկարի սրահ մը, որուն այցելուները կրնան շարժանկարները դիտել յարմարաւէտ նաւակներու մէջ նստած՝ պահպանելով ընկերային հեռաւորութիւնը:

Ինչպէս կը նշէ luxurylaunches.com կայքը, ջուրի վրայ ստեղծուելիք շարժանկարի սրահը պիտի աշխատի միայն մէկ օր: Ան կ՚իրականացուի Paris-Plages (Փարիզեան լողափներ) ծրագրի շրջանակներէն ներս, որու ընթացքին ամէն տարի Սեն գետի քաղաքային տարածքին մէջ կը ստեղծուին արհեստական լողափներ, ուր մարդիկ կրնան իրենց ամառնային հանգիստը անցընել։

Յայտնի է, որ շարժանկարի սրահի համար, ընդհանուր առմամբ, կ՚օգտագործուին 38 փոքր նաւակներ, որոնք երկու, չորս եւ վեց հոգինոց տարբերակներ կ՚ունենան։ Բացի այդ, եւս 150 հանդիսական կրնայ շարժանկարները դիտել՝ ափին նստած:

Միջոցառման ընթացքին կը ցուցադրուին Ժիլ Լելիւշի 2018 թուականի «Անխորտակելիները» եւ համավարակի մասին «Քորոնայի պատմութիւն» շարժապատկերները։

Միւս կողմէ, այս բացառիկ «միջոցառումը» կը նախատեսուի իրականացնել յուլիսի 18-ին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020