ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԱԴԷՊ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՈՒՆԻ ԶՈՀ ՄԸ

Երեւանէն կը տեղեկացնէ Սագօ Արեան.-

Բաւականին լարուած ժամեր էին երէկ Հայաստանի մէջ։ Խնդիրը կապ չունէր որեւէ ներքաղաքական զարգացումի հետ, այլ խօսքը սահմանային միջադէպի մը մասին էր, որուն վերջնական գնահատականը ցարդ չէ տրուած։

Ինչ որ կատարուեցաւ Հայաստան-Նախիջեւան սահմանային հատուածի Երասխ բնակավայրին մէջ, անսպասելի չէր, սակայն էական հարցը կը շարունակէ մնալ, որ մասնաւորապէս այս ծանր փուլին, որո՞ւ համար ձեռնտու է նման սրացում եւ հրահրում։

Յստակ է, որ Հայաստան կ՚ուզէ ամէն գնով հեռու մնալ ռազմական որեւէ ծանր քայլէ կամ գործընթացէ։ Այսօր այս երկրի պարզած ընդհանուր վիճակը՝ թէ՛ հասարակութեան ընկալումներուն եւ թէ բանակի ընդհանուր դրութեան առընթեր, կու գայ յստակօրէն մատնանշելու, որ հայկական կողմին համար շատ ծանր ու բարդ, նաեւ նոյնքան սուղ կրնայ արժել սահմանին վրայ որեւէ մակարդակի անկայունութիւն։

Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերը աւելի յստակօրէն պիտի ընդգծեն, թէ պատահածը ի՛նչ առումի կամ մակարդակի դէպք մըն էր։ Արդեօք իսկապէս այդ դէպքի ետին կա՞ն այլ մութ ձեռքեր, որոնք ինչ-ինչ յետին հաշիւներով ընդհանուր անկայունութիւն մը ստեղծելու ճիգին մէջ են։

Այսպէս, Նախիջեւանին սահմանակից Երասխի հատուածին փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացաւ հայ զինուոր մը։ Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ միջադէպը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10.30-ի սահմաններուն, երբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները մարտական դիրքերու յառաջխաղացման նպատակով փորձած են երկրաչափական սարքերու կիրառմամբ ամրաշինական աշխատանքներ իրագործել։ Հայկական կողմի հակազդող գործողութենէն ետք ատրպէյճանական կողմը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։

«Հայկական կողմի՝ նշուած աշխատանքները դադարեցնելուն միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք ատրպէյճանցի զինուորները նշանառու կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Ծաւալուած փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի զինեալ ուժերէն զինուոր մը: Կորուստներ ունի նաեւ ատրպէյճանական կողմը», ըսուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի ուշ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդեց, որ զոհուած պայմանագրային զինուորը 38-ամեայ շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալաւերտեանն է:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի հերթական սադրանքը եւ կը նախազգուշացնէ, որ անոնք պիտի արժանանան կոշտ հակազդեցութեան: Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ կը տեղեկացնէ, որ իրադրութեան յետագայ սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Իսկ ատրպէյճանական կողմը միջադէպի պատասխանատուութիւնը կը ձգէ հայկական կողմին վրայ։ Ըստ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան՝ հայկական կողմը տարբեր չափի հրազէններով կրակ բացած է Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան Սատարաքի շրջանի՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ուղղութեամբ, մէկ զինուոր վիրաւորուած է:

Բաց աստի, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի՝ Նախիջեւանի հատուածը երկար ժամանակէ ի վեր՝ համեմատաբար խաղաղ էր, այստեղ վերջին անգամ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ ռուսական «Մի-24» ուղղաթիռը խոցուած էր նոյեմբերի 9-ին՝ 44-օրեայ պատերազմի վերջին օրը։ Պատերազմէն ետք, իրավիճակը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի հատուածին առհասարակ եղած է լարուած։ Արդէն շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հատած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի՝ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի ուղղութիւնները ու չեն հեռանար։ Սահմանին պարբերաբար տեղի կ՚ունենան միջադէպեր, Գեղարքունիքէն վեց հայ զինուորներ գերավարուած էին, նաեւ մէկ զինուոր ալ զոհուած։

Միւս կողմէ, երէկ սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերեալ դատապարտման յայտարարութիւն մը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ գրուած է հետեւեալը.

«Յուլիսի 14-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Երասխ բնակավայրին յարող հատուածին նախաձեռնուած է սադրիչ յառաջխաղաց, որու հետեւանքով դիպուկահարի կրակոցէն մահացու հրազէնային վնասուածք ստացած է Հայաստանի պայմանագրային զինուոր մը, շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալաւերտեան: Մեր խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու ներթափանցումէն յետոյ տեղի ունեցած այս սադրիչ գործողութիւնները ակնյայտօրէն կը վկայեն, որ պաշտօնական Պաքուն կը փորձէ լարուածութեան նոր օճախներ ստեղծել՝ խաթարելով տարածքաշրջանային խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը:

«Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած այս ոտնձգութիւնը, որ կը հանդիսանայ նաեւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու կոպտագոյն խախտում:

«Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ նմանօրինակ քայլերու ձեռնարկումը կրնայ յանգեցնել իրավիճակի յետագայ սրման, որու հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները»:

Հինգշաբթի, Յուլիս 15, 2021