ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ՍՏԱՑԱՒ ՄԵՏԱՅԼ ՄԸ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան հայ­կա­կան փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նը, զոր պար­գե­ւատ­րեց յու­շա­մե­տայ­լով մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Գա­լուստ Սա­հա­կեան այդ մե­տայ­լը շնոր­հած է Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նի կող­մէ երկ­կող­մա­նի միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ բե­րուած ա­ւան­դին հա­մար։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Ազգային ժողովի նախագահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նին մաղ­թեց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2015