ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՄՆ ԱՅՑԸ

Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շէլի այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նով կը մեկ­նի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ «Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ նա­խա­տե­սուած են իր շփում­նե­րը Սպի­տակ տան եւ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ։ Բաց աս­տի, Փեն­թա­կո­նէն ներս ան կը հիւ­րըն­կա­լուի ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թը­րի կող­մէ։ Վրա­ցի նա­խա­րա­րը կը մէկ­տե­ղուի նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

«Մեր գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը յայտ­նի է, ո­րե­ւէ նոր բան պի­տի չը­սեմ։ Մէկ կող­մէ՝ ան ուղ­ղուած է Վրաս­տան-ԱՄՆ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա՛լ ա­ւե­լի ու­ժե­ղաց­ման, իսկ միւս կող­մէ՝ ՆԱ­ԹՕ-ի նա­խա­րա­րա­կան հան­դիպ­ման եւ Վար­շա­ւիոյ մէջ նա­խա­տե­սուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ա­մե­րի­կեան կող­մի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ստա­նալն է։

Հարկ է նշել, որ Վրաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղթ մը ստո­րագ­րուած է 2009 թուա­կա­նի Յու­նուա­րին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Այս հի­ման վրայ նոյն թուա­կա­նին ստեղ­ծուած են չորս աշ­խա­տան­քա­յին խում­բեր՝ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու հա­մար։ Սոյն փաս­տա­թուղ­թը կը նա­խա­տե­սէ գոր­ծըն­կե­րա­յին կա­պե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը՝ պաշտ­պա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան, տնտե­սու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։

Միւս կող­մէ, «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ուք­րայ­նոյ եւ Վրաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րի մը պատ­րաս­տու­թեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2015