ԴԷՊԻ ՀԱԼԷՊ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԱԾ
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Անցնող ժամերէն սկսեալ վերաբացուած են դէպի Հալէպ տանող ցամաքային հիմնական ճանապարհները: Այսպէս, սկսած է գործել Քասթելլո շրջանի ճանապարհը, մինչ Դամասկոսը Հալէպի կապող Խանասէր ճանապարհը, որ բաց էր, սակայն ապահովական պատճառներով դարձած էր ամայի, սկսած են բնականոն հունի մէջ մտնել: Ըստ Լաթաքիայէն հասած լսումներու, Հալէպէն ժամանակաւորապէս Լաթաքիա մեկնած հայերը մտադիր են յառաջիկայ օրերուն վերադառնալ:
Հալէպի մէջ սնունդի եւ վառելանիւթի տագնապներն ալ յաղթահարուած են ըստ էութեան։
Ինչ կը վերաբերի զինուորական ընդհանուր իրավիճակին՝ ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Սուրիոյ բանակը յաջողած է վերադառնալ նախաձեռնողի իր դիրքերուն եւ կը հարուածէ ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը: Կը հաղորդուի նաեւ, թէ ընդդիմադիր զինեալներու Ալ Զահրա շրջանին մէջ կատարած գրոհը մատնուած է ձախողութեան եւ վերոնշեալ շրջանին մէջ ընդդիմադիրները կրած են մարդկային ծանր կորուստներ (ըստ կարգ մը աղբիւրներու ընդդիմադիր 40 զինեալներ սպաննուած են այդ շրջանին մէջ):