ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՍԱԳՕ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած Սագօ Գույումճեան կնքեց իր մահկանացուն: «Ալ Ռազի» հիւանդանոցէն ներս դարմանուող Գույումճեան վիրաւորուելէն ետք մտած էր մահաքունի եւ անոր ստացած ուղեկորոյս փամփուշտը կը գտնուէր դէմքին մէջ: Ուղեղը ծանրօրէն վնասուած ըլլալով Գույումճեան մտած էր մահաքունային վիճակի մը մէջ եւ բժիշկներու թելադրանքով անոր կցուած է թթուածին փոխանցող յատուկ սարքեր: Ան ամուսնացած էր եւ տէր՝ երկու զաւակներու: 47-ամեայ Սագօ Գույումճեան երկար տարիներ, որպէս վարչական եւ փողերախումբի անդամ ծառայած էր Հալէպի Հայ մարմնակրթական միութեան։ Հանգուցեալին թաղման եւ յուղարկաւորութեան կարգը կատարուեցաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: