ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Գէորգ Գրի­գո­րեա­նի, Սո­ֆիա­յի ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կա­ռա­մա­տոյց» նա­խա­գի­ծին բա­ցու­մը, որ մաս կը կազ­մէ «Եր­կիր՝ գե­տին եւ ծո­վուն մի­ջեւ» շրջիկ ցու­ցա­հան­դէ­սին եւ կը ներ­կա­յաց­նէ 20-րդ դա­րու ա­նուա­նի գե­ղան­կա­րիչ Պե­տիկ Պետ­րո­սեա­նի մեծ ա­րուես­տը:

Պուլ­կա­րիոյ Վար­չա­պետ Պոյ­կօ Պո­րի­սով յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան նա­մակ մը յղեց Գէորգ Գրի­գո­րեա­նին, ո­րուն մէջ վար­չա­պե­տը բարձր գնա­հա­տած է  Պե­տիկ Պետ­րո­սեա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը տա­րա­ծե­լու գոր­ծին մէջ Գրի­գո­րեա­նի ու­նե­ցած ներդ­րու­մը, ա­ւելց­նե­լով, որ ա­րուես­տա­գէտ Պե­տիկ Պետ­րո­սեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը Պուլ­կա­րիոյ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մա­սը կը կազ­մեն:

Պե­տիկ Պետ­րո­սեա­նի ըն­կեր­նե­րէն Ճորճ Չապ­քա­նով Վառ­նա­յի «Ա­րա­րատ» միու­թեան ներ­կա­յա­ցուց իր նուէ­րը յու­շար­ձա­նի տե­ղադր­ման նոր նա­խա­գիծ մը՝ նուի­րուած «վրձի­նի վար­պե­տին», ա­ւելց­նե­լով, որ Սո­ֆիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը կ՚ա­ջակ­ցի յու­շար­ձա­նի կա­ռուց­ման:

Ա­ւար­տին, շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Գէորգ Գրի­գո­րեան:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016