ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Արցախի ճակատին վրայ երէկ դարձեալ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, տեղական ժամով շուրջ 11-ին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց՝ Արման Մովսիսեան (1998)։ Դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար պատկան մարմինները ձեռնարկած են հետաքննութեան։ Արցախի ղեկավար Բակօ Սահակեան Արման Մովսիսեանը յետ մահու պարգեւատրեց «Մարտական ծառայութիւն» մետայլով։

Միւս կողմէ, նախագահ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ շփման գիծը վերահսկելի է։ Պապայեան Ատրպէյճանի քայլերը որակեց՝ որպէս յանցագործութիւն եւ ահաբեկչութիւն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017