ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԻ ՔԱՓՐԻՕ ԿԸ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐԷ ՏԱ ՎԻՆՉԻՆ

Հոլիվուտեան դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօ նկարիչ եւ գիտնական-գիւտարար Լէոնարտօ տա Վինչին կը մարմնաւորէ Վերածնունդի շրջանի հանճարի կենսագրութեան շարժապատկերին մէջ։

Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, բացի դերասանական աշխատանքէ, տի Քափրիօ կը դառնայ շարժանկարի բեմադրիչներէն մին։ Այս ժապաւէնը կը նկարահանուի ամերիկացի կենսագիր Ուոլթըր Այզեքսընի գիրքի հիմամբ, որ հրապարակի վրայ պիտի յայտնուի յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Նկարահանումներու թուականը տակաւին յայտնի չէ։ Մեծ պաստառի վրայ երեւման իրաւունքի համար կը պայքարէին «Փարամունթ» եւ «Իւնիվերսալ» խոշորագոյն ընկերութիւնները։ Պայքարէն յաղթական դուրս եկած է «Փարամունթ» շարժանկարի սթիւտիոն՝ Ուոլթըր Այզեքսընի գրքի հեղինակային իրաւունքները ձեռք բերելու գործին մէջ։

Միւս կողմէ, Լէոնարտօ տի Քափրիոն, դերասանի պաշտօնական կենսագրութեան համաձայն, իր անունը ստացած է տա Վինչիի պատուին։ Անոր մայրը, երբ երեխան առաջին անգամ խաղացած է արգանդին մէջ, կանգնած է եղեր Ֆլորանսայի Ուֆիզի թանգարանի մէջ վարպետի աշխատանքին առջեւ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017