ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ-ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, առանձնազրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ աճած է ապրանքաշրջանառութիւնը, նաեւ դրական միտումներ արձանագրուած են՝ երկկողմանի տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ։ Քննարկուեցան նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցեր։

Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի Մետվետեւի այցելութիւնը Հայաստան՝ վարչապետները անդրադարձ կատարեցին նաեւ հաւանական ժամկէտներու։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017