ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՎ ՀԻՒՍՈՒԱԾ ԳՈՐԳ

Պրիւքսելի «Կրան փլաս» հրապարակին մէջ, փռուած է հարիւր հազարաւոր կենդանի ծաղիկներէն հիւսուած գորգ մը: Երկու տարին անգամ մը Եւրոպայի ամենագեղեցիկ հրապարակներէն մէկը զարդարելու աւանդութիւնը յղացած է 1971 թուականին:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս տարի վիթխարի «ծաղկաթումբի» մակերեսը, որ մէկ օրուան ընթացքին ձեռքով տնկած են հարիւրաւոր պելժիացի ծաղկավաճառներ, կազմած է շուրջ 2 հազար քառակուսի մեթր: «Ծաղիկներ եւ միրգեր» խորագրեալ գունագեղ զարդանկարի ստեղծման համար ձեւաւորողները զետեղած են աւելի քան 600 հազար գոյնզգոյն ծաղիկներ։

Ծաղկավաճառներու ստեղծագործութեամբ կարելի կ՚ըլլայ հիանալ ընդամէնը չորս օր:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017