ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍԸ ԱՂՕԹԱՆՈՒԷՐ ԿԵԱՆՔԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

Անթառամ ծաղիկ…
Համեղաճաշակ պտղոյն բանաւոր բարունակ…
Քաղաքավարեալ ի մարմնի անարատ վարուք.
այսօր յառաքելոցն ամփոփեալ վերին ակնարկութեամբն
վերափոխեցար յարքայութիւն Որդւոյ քո եւ Աստուծոյ մերոյ…
(Շարական)

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս կը յայտնուի որպէս առիթ՝ հոգեւոր ուրախութեան։ Իրաւ է, թէ հաւատացեալ հոգիներու համար եկեղեցւոյ բոլոր օրերը կը ներկայանան տարբեր պատգամներով, որոնք ատակ են հոգիներ հարստացնելու։ Սակայն Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը Սուրբ Կոյսին ընծայւած տօնակատարարութիւններէն տարբեր գոյն կը զգենու խաղողօրհնութեամբ։ Այս մէկը կ՚ուրախացնէ, որովհետեւ աւանդաբար եւ կամ սովորաբար Բուն բարեկենդանին կը դադրի խաղողի ճաշակումը մեր ընտանեկան սեղաններու վրայ։ Մեծ պահոց սեմը նաեւ բաժանման պահն է քաղցրահամ այս պտուղէն եւ այդ բաժանումը կը հասնի մինչեւ Վերափոխման տաղաւարը, ուր եկեղեցւոյ օրհնութեամբ մերազնէից քիմքերը վերստին կը սկսին քաղցրանալ խաղողի ճաշակմամբ։

Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին կը վերյիշենք, թէ Հայ Եկեղեցւոյ հարուստ եւ անգին հոգեւոր երգարանին մէջ յատուկ տեղ ունին Սուրբ Կոյսին ընծայւած շարականները։ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին որպէս ճաշու շարական կ՚երգենք «Անթառամ ծաղիկ»ը ու քաղցր եղանակաւորմամբ կը ձայնակցինք Քերթողահայր Մովսէս Խորենացիին, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը կը ներկայացանէ այս բառերով։ Շարականին մէջ խորհրդանշականօրէն կ՚ընդելուզուին անթառամ ծաղիկը, ողկուզաբեր պտղատու որթատունկը եւ խաղողի ողկոյզը։ Շարականի բառերը կը ներկայացնեն Սուրբ Կոյսի արժանացած պատիւը, Աստուծոյ Միածին Որդիին յայտնութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերը, աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ իր սրբակենցաղ վարքին մշտատեւ ըլլալու հանգանմանքը եւ իբր վարձատրութիւն այս բոլորին՝ երկինք վերափոխուելու պատիւին արժանանալը։

Անթառամ ածականով որակուած ծաղիկը կը խորհրդանշէ գեղեցկութիւնը, բուրմունքը, իր բնութեան մէջ թաքնուած կեանքը որ ի վերջոյ կը հասնի պտղաբերութեան երանելի պահուն։ Ծաղիկ բառը յիրաւի իր իմաստը կ՚արդարացնէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր կեանքէն ներս։ Սուրբ Կոյսը իր կենցաղով ոչ միայն ծաղիկ է, այլ նաեւ՝ անթառամ ծաղիկ։ Աստուծոյ ընծայուած առաջին իսկ մէկ օրէն ունեցած է աղօթանուէր կեանք մը, որ կը բուրէր համակ բարեպաշտութիւն։ Այս բարեպաշտ ու աղօթանուէր Աստուածսիրութեամբ օծուն կեանքն էր որ արժանացաւ Աստուծոյ գնահատանքին եւ Ան դարձաւ Սուրբ եւ Ընտիր Անօթը Աստուծոյ Խօսքին։ Աշխարհի վրայ կային բազմաթիւ կոյսեր, սակայն անոնց մէջէն ընտրուեցաւ միայն Սուրբ Կոյս Մարիամը, Սուրբ Հոգիէն յղացաւ ու մարմին եւ արիւն տուաւ Աստուծոյ Խօսքին։ Գերագոյն պատիւն էր, որուն գուցէ աշխարհի այլ կոյսերը պիտի փափաքէին արժանանալ, նաեւ գուցէ իրենք պիտի փափաքէին թեկնածու ներկայանալ եթէ նախապէս գիտցած ըլլային գերագոյն պատիւին իմաստն ու արժէքը։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր մեծութիւնը հոս կը յայտնուի։ Ան, յանակնկալս ու յանպատրաստից դէմ յանդիման մնաց Տիրոջ Հրեշտակին հետ ու ստացաւ Աւետիսը գերագոյն (Ղուկաս, 1.30-33)։ Շուարումի մատնուած վիճակին բերմամբ պահ մը ունեցած տատամսումը, պատճառ մը չեղաւ որ բացասական կեցուածք որդեգրէր։ Խոնարհեցաւ Աստուծոյ կամքին առջեւ անսակարկ նուիրումով, առանց նկատի ունենալու, թէ իր մատնուած վիճակին պատճառաւ այլք ինչեր կրնային մտածել իր մասին։ Գիտցաւ ընթանալ Աբրահամ Նահապետի հաւատքի օրինակով (Ծննդոց, 12.1-4)։ Եւ երբ ժամանակը հասաւ ծննդաբերեց Աստուծոյ Միածին Որդին, որ ակնկալուած Մեսիան՝ Փրկիչն էր համայն մարդկութեան։

Շարականագիրը Աստուածամայրը կը ներկայացնէ նաեւ որպէս «համեղաճաշակ պըտ-ղոյն բանաւոր բարունակ»։ Գիտութեան ծառին պտղոյն դառնահամ ճաշմակմամբ մեր նախածնողքը արտաքսուեցան Աստուծոյ ներկայութենէն ու ինկան մահուան անէծքին տակ (Ծննդոց, 3.19)։ Երջանկութեան կանչուած կեանքին մեղքով թունաւորման պատճառ դարձած դառնահամ պտուղի փոխարէն, Քրիստոս յայտնուեցաւ որպէս «համեղաճաշակ պտուղ»։ Այս առումով էր որ Սուրբ Կոյսը, որ Քրիստոսը ծննդաբերեց, կը ներկայացուի «բանաւոր պտղատու ճիւղի» նմանողութեամբ։ Այդ «բանաւոր ճիւղը» աշխարհի մարդկութեան պարգեւեց «քաղցրահամ պտուղի անսպառ ողկոյզը», որով գիտութեան ծառին ճաշակումով տրտմութիւնը ժառանգած սերունդին առջեւ բացուեցաւ ուրախութեան եւ երջանկութեան ճանապարհը։ Քրիստոս ճշմարիտ լոյսն է, որ չի սպառիր ու անոր քով գտնուողներ խաւարի մէջ չեն մնար եւ կ՚ունենան կեանքի առաջնորդը (Յովհաննէս, 8.12)։ Այն ջուրն է, որ չի ցամքիր ու միշտ պատրաստ է ոռոգելու ծարաւ սրտերն ու հոգիները եւ կը հաւաստիացնէ, թէ ըմպողներու սրտերէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին (Յովհաննէս, 7.37-38) եւ պիտի չծարաւնան (Յովհաննէս, 6.35)։ Այն հացն է՝ որ չի հատնիր եւ է Կեանքի Հաց, որուն հաւատցողներ բնաւ պիտի չանօթենան (Յովհաննէս, 6.35)։ Քրիստոսով պարգեւուած օրհնութիւնը անանց է, բազմանալով կը բազմանայ կը մնայ յաւիտեան. «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է միշտ. երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբրայեցիս, 13.8)։

Սուրբ Աւետարանէն հետաքրքրական հատուած մըն է Քրիստոսի քարոզութենէն խանդավառուած կնոջ մը բարձրաձայնած «Երանի այն որովայնին, որ կրեց քեզ եւ ստինքներուն որ կաթ տուին քեզի» (Ղուկաս, 11.27) արտայայտութիւնը, որուն ընդմէջէն իսկութեան մէջ կ՚իրականանար Սուրբ Կոյս Մարիամի յղութեան օրերուն երգած օրհնութեան երգին բառերը. «Իմ անձս պիտի փառաւորէ Տէրը, եւ իմ հոգիս ցնծաց իմ Փրկիչ Աստուծմովս, որովհետեւ ան իր նայւածքը դարձուց իր աղախինին խոնարհութեանը վրայ։ Եւ ահա, այսուհետեւ բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի» (Ղուկաս, 1.46-48)։

Աստուածամօր Աստուածասէր ու աղօթանուէր կեանքը ընդմիշտ մնաց անթառամ։ Անթառամ՝ ոչ միայն հրճուալից տեսարաններու առջեւ, այլ նաեւ ցաւառիթ պարագաներու եւս։ Ուրախառիթ տեսարան էր Բեթղեհէմի շուրջ իրենց հօտերը արածող հովիւներու այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ յետագային՝ արեւելքէն ժամանած երեք մոգերու այցելութիւնը, որոնք իրենց թանկագին նուէրներով ներկայացած էին։ Այս բոլորին ի տես երբ կը հրճուէր, նաեւ կը վիրաւորուէր Սիմէոն Ծերունիէն լսած բառերով. «Իսկ քու հոգիէդ ալ սուր մը պիտի անցնի, որպէսզի շատ սրտերու խորհուրդներ յայտնի դառնան» (Ղուկաս, 2.35)։ Ցաւառիթ պարագաներ էին Յիսուս Մանուկի հետ Եգիպտոս փախուստը, տասնեւերկու տարեկան Յիսուսի Երուսաղէմի մէջ կորսուիլը, ձերբակալուիլը, չարչարանքները, խաչակրութիւնը, խաչուիլը եւ խաչէն վառ առնուիլը, որոնց ի տես կարեւեր խոցուած էր սիրտը, առանց կորսնցնելու իր հաւատքէն բղխած քաջութիւնը եւ զօրութիւնը։

Սուրբ Կոյս Մարիամ Ատուածամօր Վերափոխման այս տաղաւարին կը յիշենք պոլսահայ հանրածանօթ բանաստեղծ՝ Զահրատի «Երկու հատ մոմ» բանաստեղծութիւնը։ Մեր աղօթքի պահուն Աստուածամօր սրբանկարին առջեւ «երկու մոմ վառենք», հաւատքով, յոյսով եւ սիրով զօրացած։ Խնդրենք Իր բարեխօսութիւնը, որ հասնինք անդորրութեան եւ առողջութեամբ պսակուած երջանկութեան, մանաւանդ այս դժուարին օրերուն երբ համավարակը կը սպառնայ մարդոց առողջութեան։ «Երկու մոմեր»ու ընդմէջէն յիշենք բոլոր անոնք, որոնք կամայ եւ ակամայ հեռացած կը մնան մեր ժողովուրդի հոգեւոր հարստութեան գանձարանէն։ Իրաւ է, թէ մեր շուրջը ունինք անտարբեր, հաւատքով տկարացած եւ կամ հաւատքէ պարպուած, այլ անդաստաններէ ներս իրենց համար իբրեւ թէ երջանկութիւն ու անդորրութիւնը որոնող, ցորենի եւ որոմի տարբերութեան անգիտակ անձեր։ Հոգ չէ. անոնք թող չգիտնան, սակայն մենք որպէս զանոնք սիրողներ, շարունակենք յիշել զիրենք, որպէսզի Աստուծոյ ողորմութիւնը հասնի իրենց վրայ եւ դառնան առ Աստուած ու վերստին հարստանան մեր հաւատքի հարստութիւններով։

Տաղաւարի տօնակատարութեան ընթացքին խնդրենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, յատկապէս ի տես ներկայ ժամանակներուն ալեկոծեալ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Շարունակենք աղօթել Ժամագիրքի բառերով. «Աղաչեա վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալն Աստուած. Զի լռեսցին պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց. տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի. աղաչեմք»։ Դարձեալ ժամագիրքի բառերը դառնան հանապազօրեայ աղօթք եւ մաղթանք, թէ՛ մեր անձերուն եւ թէ ցաւատանջ եւ մխիթարութեան կարօտ այլոց. «Անկանիմք առաջի քո Սուրբ Աստուածածին, եւ աղաչեմք զանարատ զկոյսդ. բարեխօսեա վասն անձանց մերոց. եւ աղաչեա զՄիածին Որդիդ փրկել զմեզ ի փորձութենէ եւ յամենայն վտանգից մերոց»։

Ապաւինինք «աշխարհի յաղթած» Քրիստոսին ու Անոր փրկարար զօրութեան, քաջ գիտակցելով թէ՝ «առանց Անոր ոչինչ կրնանք ընել» (Յովհաննէս, 15.5, 16.33)։

Տէր Աստուած, ընդունի մեր աղօթքներն ու աղաչանքները եւ զօրացնէ մեզ, որպէսզի մնանք որպէս ապրողներ նոյն հաւատքը եւ զգանք Քրիստոսի ներկայութիւնը, որ մեծագոյն օրհնութիւնն է բոլորիս համար։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

14 օգոստոս 2020
Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2020