ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ ՎՇՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ երէկ պատահած ահաւոր դէպքը արձագանգ գտաւ նաեւ Անգարայի մէջ։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Քըլըչ այս առթիւ նշեց, որ ցաւով վերահասու դարձած է այն լուրերուն, ըստ որոնց Երեւանի կեդրոնին առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ պատահած է ահաւոր պայթում մը։ Դեսպանը վշտակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ արագ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2022