ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԷՊՔԻ ՎԱՅՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ այցելեց դէպքի վայր։ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքէն ներս վարչապետը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ ստեղծուած իրավիճակին։ Իրեն ուղեկցեցան Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամպուխչեան, Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արմէն Գասպարեան, Տեսչական մարմիններու աշխատանքներու համակարգման գրասենեակի ղեկավար Արթուր Ասոյեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Փաշինեանին ներկայացուեցան որոնողափրկարարական եւ հրդեհաշիջման աշխատանքներու ընթացքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։
Պաշտօնական մարմինները հետզհետէ կը հրապարակեն նաեւ զոհերու անունները։ Պայթումի վեց զոհերէն հինգին ինքնութիւնը արդէն պարզուած է. Միսաք Մարգարեան, Անահիտ Մխիթարեան, Ճեմմա Նազարեան, Անահիտ Խալաթեան եւ Վարդան Քոչարեան։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պաշտօնական մարմինները հաղորդած են նաեւ Գայիանէ Աւետիսեանի անունը՝ զոհերու շարքին։