ՑՆՑՈՒՄ ԵՒ ՆՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ երէկ պատահած ցնցիչ պայթումին զուգահեռ՝ հանրային կարծիքի միտքը բնականաբար պղտորած է։ Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, շրջանառութեան մէջ մտած են կարգ մը լսումներ կամ պնդումներ, ըստ որոնց օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններ վերջին օրերուն նեղ շրջանակի մէջ իրենց քաղաքացիները զգուշացուցած են, թէ Երեւանի մէջ ահաբեկչական դէպքի մը վտանգը խնդրոյ առարկայ է, նոյնիսկ անոնցմէ ոմանց պարագային զգուշացումներ եղած են՝ հաւանական դէպքի մը յստակ վայրը մատնանշելով։ Այս եւ նման լսումներն ու պնդումները, բնականաբար, պիտի յստականան յառաջիկայ օրերուն՝ պաշտօնական հարցաքննութեան լոյսին տակ։
Երեւանի երէկուան պայթումին զուգահեռ՝ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ահազանգներ հասած են, թէ այլ կարգ մը բանուկ կէտերու վրայ ալ զետեղուած են պայթուցիկ նիւթեր։ Այդ շարքին կը գտնուէր նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը։ Այս ծիրին մէջ շէնքերէ տարհանումներ կատարուած են։ Պատկան մարմինները յաջորդ քայլափոխին պարզած են, թէ այդ ահազանգները կեղծ են։
Աւելի ուշ, պաշտօնական մարմինները հաղորդեցին, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս կատարուած առաջին ստուգումներէն ալ յայտնի կը դառնայ, որ պայթումը ռումբի մը ազդեցութեամբ չէ պատահած։
Հասկնալի է, որ վերջնական եզրակացութիւններու յանգելու համար տակաւին շատ կանուխ է եւ հանրային կարծիքը հիմնաւորուած ու համոզիչ տուեալներ կը պահանջէ իշխանութիւններէն։
Հայաստանի Անվտանգութեան ծառայութիւնն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն եւ քաղաքացիներուն յորդորուեցաւ, որպէսզի զերծ մնան երկրին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքներու վերաբերեալ չճշդուած տեղեկութիւններ հրապարակելէ կամ տարածելէ։
Երէկուան ահաւոր դէպքի լոյսին տակ ցաւակցական մըն ալ հրապարակեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ «Այս ծանր պահուն հայ ժողովուրդը պէտք է զինուի տոկունութեամբ», համոզուած է ան։