ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Տուշանպէի մէջ կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին։ Ան երէկ մեկնեցաւ Տուշանպէ, ուր նոյն օրն իսկ, ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի սկսելէն առաջ, հանդիպում մը ունեցաւ հիւրընկալ երկրի նախագահին՝ Իմամալի Ռահմոնի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Ռահմոն քննարկեցին Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձան քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներէ ներս, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի կամ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան, երկկողմանի կապերու ապագայ ամրապնդման հնարաւորութիւնները, փոխադարձ շահաւէտ ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններով հանդերձ։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ ըմբռնումի եւ յարգանքի ներկայ մակարդակը ամուր հիմք են՝ համատեղ ջանքերով զարգացնելու եւ խորացնելու միջպետական յարաբերութիւնները, սերտացնելու միջխորհրդարանական կապերը, հեռանկարային նախագծերով հարստացնելու եւ երկկողմանի համագործակցութեան տնտեսական օրակարգը։
Ողջունելով իր հայ պաշտօնակիցը՝ Ռահմոն ընդգծեց, որ Տաճիկիստան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ շարունակելու զարգացնել աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները, խորացնել կապերը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ։ Միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէն Ռահմոն կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճին։
Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման տեսանկիւնէն երկուստեք կարեւորուեցան բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները։ Սերժ Սարգսեան Երեւան պաշտօնական այցելութիւն տալու հրաւիրեց իր պաշտօնակիցը, իսկ Ռահմոն շնորհակալութեամբ ընդունեց այդ մէկը։
Երկու նախագահները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի համատեղ օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Անոնք անդրադարձան միջազգային եւ տարածքաշրջանային արդի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու։ Այս բոլորը օրակարգի վրայ կը գտնուին նաեւ ՀԱՊԿ-ի այսօրուան գագաթաժողովին ընթացքին։ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։
Տուշանպէի գագաթաժողովի աւարտին Հայաստան կը ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։
Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Հայաստանի հասարակութեան օրակարգին վրայ միշտ որպէս հարցման նշան կը մնայ ՀԱՊԿ-ի վստահելիութիւնը։ Ռուսաստանի կողմէ գլխաւորուած այս կազմակերպութիւնը յաճախ կը դիտարկուի հարցականներով։ Տուշանպէի ներկայ գագաթաժողովի սեմին ալ իշխանամէտ «Հայոց աշխարհ» օրաթերթը գրեց, թէ Երեւան մտահոգ է ՀԱՊԿ-ի կեցուածքով։ Մինչ Հայաստանի տարածքները ռմբակոծման կ՚ենթարկուին Ատրպէյճանի կողմէ, ՀԱՊԿ որեւէ հակազդեցութիւն ցոյց չի տար։ Երկրի հիւսիս-արեւելքի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերը վերջերս ծանր հրետանիով ռմբակոծուեցան եւ այս բոլորը սահմանային պարզ դէպքեր չէին։ Անոնք կը համարուին Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնուած միջազգային յանձնառութիւններու դրժումը։ Հետեւաբար, ՀԱՊԿ-էն առնուազն կ՚ակնալուէր արձագանգ մը։ Նոյն թերթը գրած է, թէ ՀԱՊԿ-ի յստակ հակազդեցութեան բացակայումը Երեւանի կողմէ կրնայ գնահատուիլ որպէս այդ դաշինքին անդամ երկիրներու յանձնառութիւններու զլացում իր բոլոր հետեւանքներով։
Հետաքրքրական է, որ այս բոլորը կը մատնանշուին այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ 2016 թուականին Հայաստան այս դաշինքին շրջանային նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանն ալ պաշտօնապէս յայտնած էր, թէ Տուշանպէի գագաթաժողովին ընթացքին ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ պիտի բաժնէ իր դիտարկումները։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Տուշանպէ այցելութեան ընթացքին կ՚ընկերանան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Տուշանպէի մէջ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովը այս առաւօտ սկսաւ նեղ կազմով բանակցութիւններով, որոնց պիտի յաջորդեն ընդլայնուած ձեւաչափով աշխատանքները՝ պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ։ Սերժ Սարգսեանի առընթեր մասնակիցներն են՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Խրղըզիստանի Նախագահ Ալմազպէք Աթանպայեւ, Իմամալի Ռահմոն եւ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա։