ՀԱՄԱՏԵՂ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աշխատանքներ կը տարուին համատեղ դրամատուն մը հիմնելու ուղղութեամբ։ Երկու երկիրները արդէն բանակցութիւններու ձեռնարկած են այս նիւթին շուրջ։ Նոր ստեղծուելիք դրամատան մասնաճիւղերը պիտի գտնուին Պաքուի եւ Թեհրանի մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իրանէն քանի մը մասնաւոր դրամատուներ ներկայիս շարագրգռուած են մուտք գործելու Ատրպէյճանի դրամատնային շուկան։ Այս պահու դրութեամբ բաւական ցած մակարդակի մը վրայ կը գտնուի երկու հարեւան երկիրներուն դրամատուներուն միջեւ համագործակցութիւնը։
Բանակցութիւններու առարկայ նիւթերէն մին ալ այն է, որ Ատրպէյճանի դրամատուներուն մէջ 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ Իրանի ելմտական միջոցները կը գտնուին սառեցեալ վիճակի մը մէջ։ Այժմ կը ծրագրուի այդ միջոցներուն մէկ մասը ուղղել նաֆթի բնագաւառին, իսկ մնացեալ մասը՝ դրամատնային ոլորտին։
Ատրպէյճան եւ Իրան կը նախատեսեն ներկայիս տարեկան 500 միլիոն տոլար կազմող առեւտրային շրջանառութիւնը յառաջիկայ տարիներուն քառապատկելով հասցնել 2 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։