ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիա, Ատր­պէյ­ճան, Ղա­զա­խիս­տան եւ Խրղը­զիս­տան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են միաս­նա­կան հե­ռուս­տաա­լիք մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս չորս եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է թրքե­րէն միաս­նա­կան հե­ռուս­տա­կա­յան մը հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Աս­տա­նա­յի մէջ վեր­ջերս ստո­րագ­րուած է հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թը։ Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով, այս հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հե­ռար­ձա­կում­նե­րը պի­տի կա­տա­րուին յու­շա­գի­րը ստո­րագ­րած եր­կիր­նե­րու լե­զու­նե­րով։ Տա­կա­ւին յստա­կե­ցուած չէ, թէ ո՛ւր պի­տի գտնուի հե­ռուս­տաա­լի­քին կեդ­րո­նը ու մա­նա­ւանդ՝ ե՛րբ պի­տի սկսին սփռում­նե­րը։ Նոյն­պէս այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ գոր­ծըն­թա­ցը կ՚են­թադ­րէ մէկ-հինգ տարուան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը։

Թրքա­խօս պե­տու­թիւն­նե­րու չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին նման ա­ռա­ջարկ մը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած էր Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յե­ւի կող­մէ։ Այդ հի­ման վրայ՝ յի­շեալ չորս եր­կիր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պատ­րաս­տած են այս նոր հե­ռուս­տաա­լի­քին հա­յե­ցա­կար­գը։ Կը ծրագ­րուի այս հե­ռուս­տա­կա­յա­նի սփռում­նե­րուն մէջ տեղ տալ կրթա­կան-տե­ղե­կա­տուա­կան բնոյ­թով նո­րու­թիւն­նե­րու։ Պի­տի լու­սա­բա­նուին թրքա­կան մշա­կոյթն ու մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­ժէք­նե­րը, նաեւ պի­տի հրա­պա­րա­կուին աշ­խար­հի նո­րու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015