ՖԵՐԻՏՈՒՆ ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։
Ինչպէս միշտ կը պատահի թուրք-ատրպէյճանական բարձր մակարդակի հանդիպումներուն ընթացքին՝ կ՚ենթադրուի, որ այս անգամ եւս օրակարգի վրայ գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հարկ է նշել, որ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երկար տարիներ եղած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուն, իբր այդ քաջատեղեակ է այս հարցին վերաբերեալ թուրք-ատրպէյճանական համագործակցութեան մանրամասնութիւններուն։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են, թէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կը շօշափուի Սինիրլիօղլուի շփումներուն շրջագծով, տարածքաշրջանային եւ միջազգային այլ իրադարձութիւններու ծաւալուն արժեւորման զուգահեռ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի առընթեր Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Պաքուի մէջ կը հիւրընկալուի նաեւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի կողմէ։
Ըստ Անգարայի աղբիւրներուն, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի այս պաշտօնական այցելութիւնը մաս կը կազմէ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կանոնաւոր պարբերութեամբ իրականացուած բարձր մակարդակի այցելութիւններու ծիրին։