ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կարապետեան բարձր գնահատեց Մետվետեւի անձնական ներդրումը՝ երկու երկիրներու միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը պայմանաւորուեցան առաւելագոյնս ջանքեր գործադրել ա՛լ աւելի աշխուժացնելու համար յարաբերութիւնները։ Անոնք գոհունակութեամբ ընդգծեցին, որ գոյութիւն ունին ակնյայտ դրական միտումներ՝ զանազան ուղղութիւններով առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճի բարձրացման առումով։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Տիմիթրի Մետվետեւի՝ մօտաւոր ապագային Հայաստան կատարելիք այցելութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Երեւանի մէջ նախատեսուած ժողովի կազմակերպման վերաբերեալ հարցերուն։
Կարէն Կարապետեան շնորհաւորեց նաեւ ռուս վարչապետի տարեդարձը։