ՊՐԻԺԻՏ ՄԱՔՐՈՆ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԱԾ
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կինը՝ Պրի-ժիտ, նկարահանուած է Vestiaires ֆրանսական ֆիլմաշարին մէջ, անոր մասնակցութեամբ թողարկումը եթերի վրայ կը յայտնուի այսօր՝ սեպտեմբերի 15-ին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, Vestiaires-ը կարճաժամկէտ ֆիլմաշար մըն է, որու գլխաւոր հերոսները հաշմանդամ լողորդներ՝ Ռոմին եւ Օրսոմն են: Սակայն ֆիզիքական տկարութիւնները Ռոմին եւ Օրսոմը չեն զրկած հիւմորի զգացումէ, ինչ որ զանոնք կը կիսեն իրենց ընկերներու ու հանդիսատեսներու հետ:
Նախացուցադրութիւնը, ուր տեսարաններ կան Պրիժիտ Մաքրոնի մասնակցութեամբ նկարահանումներէ եւ նկարահանման հարթակին վրայ անոր գործընկերներու տպաւորութիւնները, զետեղուած է France2 հեռուստաալիքի կայքէջին մէջ: «Մենք գիտէինք, որ ան մեր ֆիլմաշարի երկրպագուն է, եւ անոր առաջարկեցինք խաղալ մեզի հետ», կը պատմէ դերասան Ատտա Ապտէլ:
Նկարահանումներու համար Ֆրանսայի առաջին տիկինը ընտրած է երկնագոյն հագուստ մը, որով աւելի առաջ ան յայտնուած է հանրութեան: Ան նոյն հագուստը հագուած էր 2017 թուականի մայիսի 14-ին՝ իր ամուսնոյն երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ: