«ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ԱՐԴԷՆ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ»

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այս օրերուն հերթական ահազանգը կը հնչէ Թուրքիոյ ընդհանուր պատկերի լոյսին տակ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ համաճարակի ծաւալման թափը չէ նուազած երկրէն ներս։ Երէկ գիտական աշխարհէն շատ կարեւոր հանգամանք մը ընդգծուեցաւ հրապարակաւ։ Այսպէս, Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէի տեսուչը՝ փրոֆ. Թուֆան Թիւքէք մատնանշեց շատ կարեւոր տուեալներ։ Այսպէս, Չափայի հիւանդանոցէն ներս երէկ կատարուած 580 քննութեան լոյսին տակ 81 նոր վարակեալ ստուգուած է։ Այսինքն, համեմատութիւնը արդէն իսկ 15 տոկոսը գերազանցած է։ «Սա կը նշանակէ, որ այսօրուան դրութեամբ Իսթանպուլի մէջ համաճարակը այլեւս վերսկսած է։ Մեծամասնութեամբ երիտասարդներ վարակուած են, դժբախտաբար, բարձր է նաեւ թոքաբորբոքումներու համեմատութիւնը», ըսաւ Թուֆան Թիւքէք։ Ի լրումն այս բոլորին ան շեշտեց, որ այս բոլոր տուեալները չեն հրապարակուած ջլատումներ հրահրելու համար, այլեւ՝ նպատակն է զգուշութեան հրաւիրել բոլորը։

Առողջապահութեան նախարարութիւնն ալ երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 112 հազար 563 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1716 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 63 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1225։ Ներկայ դրութեամբ 1301 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց, որ կարելի չէ առանձին պայքար մղել, սակայն միասնական ջանքերով կարելի է յաղթել։ «Միասնաբար հնազանդինք սահմանափակումներուն», կոչ ուղղեց նախարարը։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնն (ԱՀԿ) ալ երէկ հանդէս եկաւ շարք մը զգուշացումներով, որոնք ընդհանուր յոռետեսութեան պատճառ դարձան միջազգային հանրութեան մօտ։ Այսպէս, Կլոպալ նախապատրաստութիւններու դիտարկման խորհուրդը հրապարակեց քորոնաժահրի համավարակի վերաբերեալ զեկոյց մը։ Այս խորհուրդը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Համաշխարհային դրամատան համատեղ կառոյցներէն մին է։ Զեկոյցի հրապարակման առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի ժամանակ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԱՀԿ-ի ղեկավար Թետրոս Կեպրէյէսուս, ըստ որու, քորոնաժահրը պիտի չըլլայ վերջին համաճարակը։ Սա պիտի չըլլայ նաեւ կլոպալ մակարդակով վերջին առողջապահութեան հրատապ վիճակը։ Ուստի, ապագայ համաճարակները կանխելու նպատակով քաղաքական ու ելմտական ճիշդ ներդրումներ պէտք է կատարուին։ Այսպէսով, ապագայ սերունդները կրնան խնայուիլ։

Կեպրէյէսուս դիտել տուաւ, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ համաճարակը տակնուվրայ ըրած է տնտեսութիւնն ու առողջապահութեան համակարգերը։ Համաճարակի հետեւանքով հոծ թիւով մարդիկ կորսնցուցած են իրենց կեանքը եւ ապրուստի միջոցները։ Նեղ կացութեան մատնուած են նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք ունին հզօր տնտեսութիւն եւ զարգացած առողջապահական համակարգեր։ Ըստ Կեպրէյէսուսի, քորոնաժահրի համաճարկը յաջողութեամբ դիմագրաւած են այն երկիրները, որոնք դասեր քաղած են մօտաւոր անցեալի այլ համաճարակներէն. օրինակ՝ ՍԱՐՍ, էպոլա եւ այլն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020