ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑ ՄԸ

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­մազ­գա­յի­նի Լի­բա­նա­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան, ան­ցեալ Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 19.00-ին, Հա­մազ­գա­յի­նի «Լե­ւոն Շան­թ» կեդ­րո­նի «Գ. եւ Հ. Ար­մէ­նեա­ն» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բազ­մա­ձայն զրոյց՝ նիւթ ու­նե­նա­լով «Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան եւ պոլ­սա­հա­յու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան պատ­կե­րա­ցու­մը գրա­կա­նու­թեան մէ­ջ»: Մաս­նա­կից­ներն էին՝ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան, Գրի­գոր Պըլ­տեան, Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեան եւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր, բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան:

Բազ­մա­ձայն զրոյ­ցին բաց­ման խօս­քը  ար­տա­սա­նեց Շա­ղիկ Մկրտի­չեան: Ան անդ­րա­դառ­նա­լով Գրի­գոր Պըլ­տեա­նի գիր­քե­րուն, ո­րոնց ա­ռանց­քը կը կազ­մէ ապ­րուած վայ­րը՝ իր շրջա­պա­տով, կարգ մը հար­ցադ­րում­ներ ը­րաւ, թէ որ­քա­նո՞վ մեր գրա­կա­նու­թիւ­նը իր ստեղծ­ման վայ­րե­րուն մէջ կ՚ար­ձա­գան­գէ եւ ինչ­քա­նո՞վ ա­նոնց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ կ՚ե­րե­ւի:

Ա­ռա­ջին բա­նա­խօս Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան, պատ­մա­կան ակ­նարկ մը նե­տե­լով 1975 թուա­կա­նին վրայ, երբ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը սկսաւ Լի­բա­նա­նի մէջ, ը­սաւ, որ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Պըլ­տեան կ՚ապ­րէր Փա­րի­զի մէջ եւ ներշն­չուե­լով այդ դէպ­քե­րէն լծուե­ցաւ «Քան­դուող քա­ղա­քի մը համար» գոր­ծին: Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան հաս­տա­տեց, որ ա­սի­կա հո­յա­կապ հնարք եւ ո­րակ ու­նե­ցող գործ մըն է, ո­րուն մէջ կ՚ար­տա­ցո­լայ Պըլ­տեա­նի հան­ճա­րը: Ան կար­դաց գիր­քէն հա­տուած մը, որ ա­ռըն­չուած էր Պէյ­րու­թին՝ շեշ­տե­լով Պըլ­տեա­նի բա­նաս­տեղ­ծա­կան զգայ­նու­թեան կա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ըն­թեր­ցո­ղը պահ մը կը հա­ւա­տար, որ հե­ղի­նա­կը Պէյ­րութ կը գտնուէր այդ աշ­խա­տու­թիւ­նը գրած ա­տեն, մինչ ան հե­ռա­ւոր Փա­րի­զի մէջ էր: Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը՝ Սրբա­զա­նը հաս­տա­տեց, որ Պըլ­տեան լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան պատ­կե­րա­ցու­մը տուած է գրա­կա­նու­թեան մէջ:

Այ­նու­հե­տեւ Ռու­բի­նա Մկրտի­չեան կար­դաց «Սե­մե­ր» գիր­քէն հա­տուած մը՝ վեր­լու­ծե­լով զայն:

Երկ­րորդ բա­նա­խօս Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեան իր խօս­քին սկիզ­բը նկա­տել տուաւ, որ գրա­կա­նու­թեան տե­սու­թիւ­նը եւ պատ­մու­թիւ­նը մէ­կէ ա­ւե­լի չա­փում­ներ կ՚ըն­ծա­յեն՝ գնա­հա­տե­լու հա­մար յա­րա­բե­րու­թիւ­նը տուեալ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ իր ստեղ­ծած գրա­կա­նու­թեան: Ան ը­սաւ, թէ սփիւռ­քի յա­տուկ ա­մէն տե­սա­կի հա­կում­ներ մաս կը կազ­մեն ա­նոր կեան­քին եւ ա­նոնց­մէ բխող գրա­կա­նու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր ձե­ւով կրնայ նկատուիլ ա­նոնց ցո­լա­ցու­մը: Քիւրք­ճեան հաս­տա­տեց, որ Շահ­նու­րի եւ Պըլ­տեա­նի գոր­ծե­րը ցո­լա­ցումն են սփիւռ­քի գրա­կա­նու­թեան: Անդ­րա­դառ­նա­լով Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քին՝ ան ը­սաւ, որ 30-50-ա­կան թուա­կան­նե­րու ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը զուրկ են սփիւռ­քի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէ՝ տա­լով  օ­րի­նակ­ներ  գոր­ծե­րու, ո­րոնց մօտ հա­զուա­դէպ է մի­ջա­վայ­րի զգայ­նու­թիւ­նը: Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը՝ Քիւրք­ճեան շեշ­տեց, որ մեր կեան­քը ա­նո­րոշ եւ խեղճ ներ­կա­յու­թիւն է մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ, ինչ­պէս որ հայ գրա­կա­նու­թեան տե­ղը ա­նո­րոշ է մեր կեան­քին մէջ:

Սե­ւան Տէյր­մեն­ճեան իր ե­լոյ­թին մէջ ակ­նարկ մը նե­տեց 1908 թուա­կա­նին, երբ մշա­կու­թա­յին զար­թօն­քը սկսաւ եւ պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը իր գրա­կան ո­րո­նում­նե­րուն մէջ իր հա­յեաց­քը ուղ­ղեց դէ­պի գա­ւառ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով գա­ւա­ռի կեան­քը, որ տա­րի­ներ ետք բա­նա­ձե­ւուե­ցաւ «Հա­յաս­տա­նեայց գրա­կա­նու­թիւ­ն» պի­տա­կով: Ան օ­րի­նակ բե­րաւ Մնձու­րին, որ հա­զուա­գիւտ գրող­նե­րէն մէկն էր, ո­րուն գրու­թիւն­նե­րուն կը հան­դի­պինք 1915-էն ա­ռաջ եւ վերջ: Անդ­րա­դառ­նա­լով 1923 թուա­կա­նի յա­ջոր­դող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ ան ը­սաւ, որ պոլ­սա­հայ գրող­նե­րուն հա­մար նոր փոր­ձար­կում մը ե­ղաւ, երբ ա­նոնք սկսան տալ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն ոչ զուտ հայ­կա­կան կեան­քին, օ­րի­նակ բե­րե­լով Զա­ւէն Պի­պէռեա­նը, Ճան­ճի­կեա­նը, ո­րոնց գոր­ծե­րուն մէջ մի­ջա­վայ­րի հա­րա­զա­տու­թիւն կար: Ըստ ի­րեն, շրջա­նի քա­ղա­քա­կան կա­ցու­թիւ­նը ե­ղաւ պատ­ճառ մը, որ­պէս­զի ա­նոնք ըն­կեր­վա­րու­թեան փա­րին եւ կեան­քին ի­րա­կա­նու­թեան պատ­կե­րու­մը կեր­պով մը դար­ձաւ փա­խուստ մը ի­րենց հա­մար: Իս­թա­նու­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան «հա­տու­մը Պոլ­սէ­ն», ինչ­պէս կը բա­նա­ձե­ւէ Պըլ­տեան, այս ի­մաս­տով ա­ւե­լի վաղ կա­տա­ր-ւե­ցաւ, քան այլ գա­ղութ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք Պո­լի­սը ի­րենց հետ տա­րած էին: Ակ­նար­կե­լով ներ­կայ վի­ճա­կին՝ Տէ­յիր­մեն­ճեան ը­սաւ, որ Պոլ­սոյ մէջ գրա­կա­նու­թիւ­նը հա­յոց լե­զուով չ՚ըլ­լար առ­հա­սա­րակ, հե­տե­ւա­բար կը մնայ այլ հե­տաքրք­րու­թեան մը ծի­րէն ներս:

Օ­րուան չոր­րորդ բա­նա­խօս Գրի­գոր Պըլ­տեան հաս­տա­տեց, որ 1970-ա­կան թուա­կան­նե­րէն սկսեալ, երբ տա­կա­ւին կը փոր­ձէր գրող ըլ­լալ սոյն ե­րե­կո­յի նիւ­թը մտա­հո­գած է զինք, ո­րով­հե­տեւ այդ շրջա­նին թեր­թե­րու եւ ամ­սա­թեր­թե­րու մէջ չէր նկա­տեր շրջա­պա­տին մա­սին գրու­թիւն­ներ եւ իր շուրջ գտնուող ի­րա­կա­նու­թեան պատ­կե­րը չէր տես­ներ: Ան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն նկա­տած է ի­րա­կա­նու­թիւ­նը գրել: Ան նկա­տել տուաւ, որ ֆրան­սա­հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը կը տար­բե­րի այլ գրա­կա­նու­թիւն­նե­րէն՝ պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ 1926-էն սկսեալ ու­նինք խումբ մը գրող­ներ, ո­րոնք ար­ձակ եւ վէպ ար­տադ­րած են: Օ­րի­նակ­ներ տա­լով, ինչ­պէս՝ Շահ­նուր, Որ­բու­նի, Զար­դա­րեան, ան ը­սաւ, որ ա­նոնք փոր­ձած են Ֆրան­սա­յի մէջ ի­րենց ապ­րած կեան­քը գրել ա­ռանց յի­շե­լու ան­ցեա­լը, ինչ որ յայտ­նա­բե­րուե­ցաւ 40-ա­կան թուա­կան­նե­րուն եւ յի­շո­ղու­թիւ­նը դար­ձաւ գրո­ղի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Պըլ­տեան շեշ­տեց, որ ի­րա­կա­նու­թեան պատ­կե­րաց­ման հար­ցը մնա­յուն մտա­հո­գու­թիւն ե­ղած է Ֆրան­սա­յի մէջ, ո­րով­հե­տեւ մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ ի­րա­կա­նու­թեան պա­կա­սը կայ:

Բազ­մա­ձայն զրոյ­ցի ա­ւար­տին ա­ռի­թը տրուե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լու զե­կու­ցա­բեր­նե­րուն:

Մինչ այդ, Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ նաեւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան «Սի­մոն Զա­ւա­րեա­ն» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ: Զրոյ­ցի նիւթ դար­ձաւ Թուր­քիոյ ներ­քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, թրքա­հայ գա­ղու­թին կա­ցու­թիւ­նը, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն զար­գաց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015