ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԷՆ

Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան կրնան հան­գու­ցա­յին դեր մը խա­ղալ Սու­րիոյ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա եւ Թեհ­րան կրնան ա­պա­հո­վել Դա­մաս­կո­սի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին։ Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­կա­տա­րը հա­մո­զուած է, որ Սու­րիոյ մէջ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է զու­գա­հեռ ըն­թա­նան այդ երկ­րի քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին հետ։ Եւ­րո­միու­թիւ­նը այս խնդի­րը օ­րա­կար­գի վրայ կ՚ու­նե­նայ այ­սօ­րուան իր գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, որ կը տե­ւէ եր­կու օր։

Պրիւք­սէ­լի այս ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, Եւ­րո­միու­թեան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րէն Գեր­մա­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զա­նա­զան ջան­քեր։

Այս­պէս, Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Թեհ­րան։ Տաս­ներ­կու տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ է, որ Գեր­մա­նիա­յէն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար մը շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ի­րա­նի մէջ։

Ի­րան մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ գո­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տին պայ­ման­նե­րով, Պեր­լի­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը ժա­մա­նակ, Շթայն­մա­յէր նշեց, թէ կը փա­փա­քի տեղ­ւոյն վրայ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն գնա­հա­տել ներ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս կը գտնուին սկզբնա­կան փու­լի մէջ։

Ան­ցեալ ա­միս Թեհ­րան այ­ցե­լած էր Գեր­մա­նիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Զիկ­մար Կապ­րիէլ։ Պեր­լի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ լրջօ­րէն շա­հագրգ­ռուած է եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ տնտե­սա­կան կա­պե­րու զար­գաց­մամբ:

Մինչ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով կ՚այ­ցե­լեն Թեհ­րան, «The Wall Street Journal» թերթն ալ գրեց, թէ յա­ջորդ տաս­նա­մեա­կին Ի­րան կրնայ դառ­նալ այն խո­շո­րա­գոյն եր­կի­րը, որ կազ կը մա­տա­կա­րա­րէ Եւ­րո­միու­թեան։ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի են­թադ­րու­թիւն­նե­րով, 2030 թուա­կա­նին Ի­րան կրնայ տա­րե­կան շուրջ 30 մի­լիառ խո­րա­նարդ մեթր կազ մա­տա­կա­րա­րել Եւ­րո­պա։ Ե­թէ այս կան­խա­տե­սու­մը ի­րա­կա­նա­նայ, ա­պա Ի­րան պի­տի դառ­նայ դէ­պի ԵՄ-ի կա­զի խո­շո­րա­գոյն մա­տա­կա­րա­րը եւ պի­տի կրճա­տուին կա­զի ա­ռա­քում­նե­րը դէ­պի Եւ­րո­պա՝ Ռու­սաս­տա­նէն եւ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն։ Ա­րեւմ­տեան կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներն ու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը ար­դէն մի­ջո­ցէ մը ի վեր խտա­ցեալ ձե­ւով կը քննար­կեն Ի­րա­նի ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րուն հա­մար ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Թեհ­րան։ Ռուս ղե­կա­վա­րի ու­ղե­ւո­րու­թեան վերջ­նա­կան ժամ­կէ­տը ճշդուած չէ, սա­կայն կը նա­խա­տե­սուի, որ ան կա­յա­նայ մին­չեւ տա­րե­վերջ։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կայ եր­թե­ւե­կի թա­փին մէջ, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նին ալ վեր­ջերս Նիւ Եոր­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ՄԱԿ-ի կա­յուն զար­գաց­ման գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Ան ը­սաւ, թէ իր եր­կի­րը պատ­րաստ է հա­րե­ւան­նե­րու հետ շի­նիչ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ «Մենք կա­յուն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցու­մը խթա­նե­լու հա­մար կը փա­փա­քինք հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ մեր հա­րե­ւան­նե­րուն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի այլ եր­կիր­նե­րուն հետ շի­նիչ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու, գի­տե­լիք­նե­րու փո­խանց­ման եւ հա­մա­տեղ գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մի­ջո­ցաւ», ը­սաւ Ռու­հա­նի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015