ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ

Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի խմբագ­րու­թիւ­նը լոյս ըն­ծա­յեց նոր եւ հե­տաքրք­րա­կան գոր­ծ մը։ Այս­պէս, հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Հայ գրատ­պու­թիւն եւ գիր­քա­րուեստ» խո­րագ­րեալ հան­րա­գի­տա­րա­նը։

Ե­րէկ, Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի խմբագ­րու­թեան ղե­կա­վար Յով­հան­նէս Այ­վա­զեան Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով ծա­նօ­թա­ցուց այս նոր հան­րա­գի­տա­րա­նը։ «Հա­յեացք» մամ­լոյ ա­կում­բին մէջ զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին գլխա­ւոր խմբա­գիր Յով­հան­նէս Այ­վա­զեան անդ­րա­դար­ձաւ հան­րա­գի­տա­րա­նի բո­վան­դա­կու­թեան, ա­նոր ձե­ւա­ւոր­ման հանգրուան­նե­րուն եւ չա­փա­նիշ­նե­րուն։

Նո­րըն­ծայ Հայ գրատ­պու­թեան եւ գիր­քար­ուես­տի հան­րա­գի­տա­րա­նը կ՚ամ­փո­փէ հա­յոց 500 տար­ուան գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ՝ այս մա­սին լրագ­րող­նե­րուն գիր­քը ներ­կա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ ը­սաւ «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան գլխա­ւոր խմբա­գիր-տնօ­րէն Յով­հան­նէս Այ­վազ­եա­ն։

«Ան ամ­փոփ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նէ 500 տար­ուան ըն­թաց­քին մեր տպա­րան­նե­րը, հրա­տա­րա­կիչ­նե­րը, հնա­տիպ գիր­քե­րը, ա­նոնց տպագր­ման նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը, ամ­սագ­րերն ու լրագ­իր­նե­րը եւ այլն: Յոյս ու­նիմ, որ հա­սա­րա­կու­թեան լայն շեր­տե­րը զայն լաւ կ՚ըն­դու­նին, սա­կայն վեր­ջին շրջա­նին առ­կայ է գիր­քե­րու նկատ­մամբ ո­րո­շա­կի սառ­նու­թիւն», նշեց Յով­հան­նէս Այ­վազ­եա­ն:

Գիր­քի գլխա­ւոր հե­ղի­նակ­նե­րէն մէ­կը եւ ամ­բողջ աշ­խա­տան­քա­յին ըն­թաց­քի ղե­կա­վա­րը տե­ղե­կաց­ուց, որ գիր­քի պատ­րաստ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը տե­ւած են ե­րեք-չորս տա­րի:

«Այ­սօր կը թուի, թէ տե­ղե­կա­տուու­թեան աղ­բիւր­նե­րը շատ են, եւ կա­րե­լի է ա­րագ կողմ­նո­րոշ­ուիլ ե­ղած տե­ղե­կա­տուու­թեան մէջ, սա­կայն որ­քան շատ աղբ­իւր ու­նիս՝ այն­քան շատ ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէ բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը հա­մա­տե­ղելն ու հա­մադ­րե­լը», յա­ւե­լեց Յով­հան­նէս Այ­վազ­եա­ն։

Հայ գրատ­պու­թեան եւ գիր­քար­ուես­տի հան­րա­գի­տա­րա­նը տպագր­ուած է Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ: Շուրջ 1200 է­ջնոց հա­տո­րին մէջ տեղ գտած են նաեւ յօդ­ուած­ներ Ար­ցա­խի եւ Սփ­­իւռ­քի մէջ տպագր­ուած գիր­քե­րու վե­րա­բե­րեալ:

«Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ան­կախ Հա­յաս­տա­նի տա­րի­նե­րուն տպագ­րած է ար­դէն տասն­վեց ա­նուն հան­րա­գի­տա­րան, ո­րոնց մէկ մա­սը բազ­մա­հա­տոր է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015