ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ Կիրակի ան շփումներ ունենայ Անգարայի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։
Միջազգային իրադրութեան տեսանկիւնէն բաւական նուրբ իրավիճակի մը մէջ պիտի ընթանան գերմանացի ղեկավարին բանակցութիւնները։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի լոյսին տակ յառաջացած գաղթականաց ճգնաժամը սկսած է արդէն բառին բուն իմաստով սպառնալ Եւրոպային եւ այս մթնոլորտին մէջ թուրք-գերմանական բանակցութիւններու օրակարգի անխուսափելի նիւթերէն մին պիտի ըլլայ այս հարցը։ Պերլինի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Մերքէլ Անգարայի մէջ պիտի շօշափէ Սուրիոյ առկայ բախումները, գաղթականաց ճգնաժամը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Մերքէլի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը վերջերս Գերմանիոյ դռները բացած էր գաղթականներուն համար եւ այդ որոշման լոյսին տակ իր ժողովրդականութիւնը անկում ապրած էր՝ ըստ հարցախոյզներու արդիւնքին։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլ տրուած այցելութեան ընթացքին Եւրոյանձնաժողովը առաջարկած էր կեանքի կոչել երկու հանգրուանէ բաղկացեալ ծրագիր մը։ Կը հաղորդուի, որ Մերքէլն ալ Անգարայի մէջ պիտի ջանայ թրքական կողմը համոզել այս ծրագրին ուղղութեամբ։
Խնդրոյ առարկայ ծրագիրը կը նախատեսէ Թուրքիոյ համար ելմտական աջակցութիւն յատակցնել՝ սահմանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման առաջադրութեամբ։ Այս քայլը կ՚առնուի կանխելու համար Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոմիութիւն գաղթը՝ Սուրիոյ գլխաւորութեամբ, Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներէն։ Բաց աստի, նոյն նպատակին համար ԵՄ-ի սահմանային անվտանգութեան բաժանմունքէն ներկայացուցիչներ պիտի տեղակայուին Թուրքիոյ մէջ եւ վայրկենական վերադարձի դրութիւն պիտի հաստատուի։ Խստապահանջ այս մօտեցումները առայժմ հաշտ աչքով չեն դիտուիր Անգարայի կողմէ՝ որքան որ ալ 1 միլիառ եւրոյի արժողութեամբ օժանդակութիւն մը նախատեսուած ըլլայ Թուրքիոյ համար։ Պատճառը այն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու պարագային մուտքի արտօնութենէ զերծ գործադրութիւններու համար ակնարկութիւն մը չէ կատարուած, իսկ այդ գումարը պիտի յատուցուի Թուրքիոյ ԵՄ-ի մասնակցութեան բաժնէն։ Ասոր փոխարէն թրքական կողմը կը պահանջէ, որ օժանդակութիւնը առընչակից չդարձուի Թուրքիոյ մասնակցութեան բաժնին եւ առնուազն երկու տարուան ընթացքին Թուրքիոյ քաղաքացիներու անարգել շրջագայութեան համար գրաւոր երաշխիք տրուի։ Պերլինի ղեկավարութիւնը կ՚աշխատի զանազան վարկածներու վրայ, որպէսզի գերմանական հանրային կարծիքին մօտ չստեղծուի Թուրքիոյ քաղաքացիները վիզայէ զերծ դարձնելու տպաւորութիւն մը։ Վարկածները կը ներառնեն Թուրքիոյ քաղաքացիներու ԵՄ-է ներս առնուազն երեք ամսուան ժամկէտով անարգել շրջագայութեան հաւանականութիւնը։ Պերլինի ղեկավարութիւնը նման առաջարկներ պահանջելու փոխարէն Անգարայէն կը պահանջէ Յունաստանի կամ Պուլկարիոյ վրայով ԵՄ մուտք գործող օտարահպատակները ընդունիլ նոյն վայրկեանին եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն պարագային պահանջել անոնց ԵՄ-ի հետ լիարժէք համապատասխան անցագրերու տրամադրումը։
Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններն ալ օրակարգի վրայ պիտի գան բանակցութիւններուն ընթացքին։ Առայժմ այցելութեան վերջնական ծրագիրը յայտնի չէ դարձած եւ հաւանական է, որ Մերքէլ տեսակցի նաեւ ընդդիմադիր ղեկավարներու հետ։ Ծրագրի մանրամասնութիւնները պիտի յստականան մինչեւ այցելութեան սկիզբը։
Միւս կողմէ, գերմանական Der Spiegel նշանաւոր պարբերականը շաբաթավերջի այցելութեան ընդառաջ լոյս ընծայեց յօդուած մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Մերքէլ կը մեկնի Էրտողանի մօտ. անխուսափելի չարիքը»։ Ըստ այս յօդուածին, Գերմանիոյ ներկայ համախոհական իշխանութիւնը համոզուած է, թէ անկարելի է գաղթականներու, փախստականներու խնդիրը լուծել առանց Թուրքիոյ։ Երկրի ընդդիմութիւնը կը զգուշացնէ, որ նախքան Նոյեմբերի 1-ի ընտրութիւնները պէտք չէ յաւելեալ քաղաքական բեմահարթակ տրամադրել Էրտողանին։ Այս ուղղութեամբ արտայայտուած է նաեւ Կանաչներու միութեան նախագահ Ճեմ Էօզտեմիր։ Յամենայնդէպս Անկելա Մերքէլ որոշած է չլսել Ճեմ Էօզտեմիրը։
Թերթը կը յիշեցնէ, որ Եւրոմիութիւնը կարող է ապահով պահել իր արտաքին սահմանները, եթէ միայն նոյնը ընեն ԵՄ-ի հարեւան բոլոր պետութիւնները։ Այս հանգամանքը Թուրքիոյ կը վերաբերի առաւել քան որեւէ այլ երկիր մը։ Եթէ ԵՄ Թուրքիան ճանչնայ որպէս անվտանգ երկիր, կրնայ մերժել այնտեղէն ժամանող գաղթականներուն փախստականի կարգավիճակ տալու վերաբերեալ դիմումները։ Այս պատճառով Եւրոպայի տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է համաձայնագիր մը կնքել Թուրքիոյ հետ՝ փախստականներու խնդիրը կարգաւորելու համար։ Եւրոմիութիւնը այս նպատակին հասնելու համար պէտք է բաւական մեծ միջոցներ յատկացնէ Թուրքիոյ, որպէսզի Գերմանիոյ կողմէ մերժուելիք եւ ետ ուղարկուելիք փախստականներուն համար թրքական ճամբարներէն ներս ապահովուի համամատակարարում։