ՄԱԿ-Ի 27-ՐԴ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) 27-րդ պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի 19-23 Նոյեմբեր 2015 թուականին, Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ կուսակցութեան աշխարհասփիւռ բոլոր մասնաճիւղերուն կողմէ ընտրուած պատգամաւորները եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամները պիտի մասնակցին այս համագումարին։ Ժողովականները պիտի արժեւորեն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անցեալ շրջանի գործունէութիւնը ու պիտի քըն-նարկեն անոր յառաջիկայ ռազմավարութիւնն ու ուղեգիծը։
ՌԱԿ-ի 27-րդ համագումարին պաշտօնական բացման հանդիսաւոր հանգրուանին ներկայ պիտի գտնուին պետական, կրօնական, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներէ յայտնի անձնաւորութիւններ։ Հնգօրեայ աշխատանքի ընթացքին պիտի ընտրուի նաեւ կուսակցութեան նոր վարչութիւնը։