ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ շատ կարեւոր հանդիպում մը Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս կը մասնակցի այս հաւաքին, որուն ներգրաւուած են Սուրիոյ ներքին պատերազմի հաւասարակշռութիւններուն վրայ ուղղակիօրէն ազդելու ներուժով բոլոր երկիրները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մուհամմէտ Պին Օսման Էլ Ճուպէյր եւ Շէյխ Ապտուրրահման Պին Ճասիմ Էլ Թհանի կը մասնակցին այսօրուան քննարկումներուն, որոնց հրաւիր-ւած է նաեւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ ճգնաժամի գծով ներկայացուցիչ Սթեֆան Տը Միսթուրա։
Մինչ Սուրիոյ ճգնաժամը ծայր աստիճան մտահոգիչ փուլ մը թեւակոխած է եւ հետզհետէ ամբողջ աշխարհի կայունութեան ու խաղաղութեան դէմ սպառնալիքի մը կը վերածուի՝ այս յառաջատար դերակատարներու հանդիպումը այս շաբաթավերջին կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը։
Լոզանի այսօրուան հանդիպման ընդառաջ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու նախընթաց օր այցելեց Ռիատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սէտուական Արաբիոյ Սելման թագաւորին կողմէ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ իր պաշտօնակցին՝ Էլ Ճուպէյրի հետ։ Լոզանի քննարկումներուն ընդառաջ Անգարայի եւ Ռիատի ղեկավարութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Սուրիոյ ներքին պատերազմի կարգաւորման հեռանկարներուն առընչութեամբ։
Լոզանի այսօրուան ժողովին առընթեր, Սուրիոյ վերաբերեալ կարեւոր խորհրդակցութիւն մըն ալ տեղի կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ, ուր կազմակերպուած է հաւաք մը Սուրիոյ համար ստեղծուած միջազգային համախոհութեան համար մասնակից երկիրներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն մասնակցութեամբ։ Այս քննարկումներուն մասնակցելու համար Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարն ալ կ՚այցելէ Միացեալ Նահանգներ։
Մինչ այդ, Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատն ալ վերջին օրերուն յայտարարեց, թէ Ռուսաստան-Թուրքիա մերձեցումը յոյս կը համարուի իրենց տեսակէտէ։ «Քոնսոմոլսքայա Փրավտա» ռուսական թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Էսատ յոյս յայտնած է, թէ Մոսկուայի միջնորդութեամբ Անգարա կրնայ փոփոխութեան ենթարկել Սուրիոյ վերաբերեալ քաղաքականութիւնը։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին պատերազմին առընթեր, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է նաեւ Մուսուլի վրայ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը երկար տարիներէ ի վեր բռնագրաւած է Իրաքի նաւթի պաշարներով հարուստ այս քաղաքը։ Թէեւ Մուսուլի ազատագրումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն, սակայն միջազգային եւ տարածքաշրջանային յառաջատար դերակատարները այս առանցքին շուրջ եւս տարաձայնութիւններ ունին իրարու միջեւ։ Հանրապետութեան նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն Մուսուլի ազատագրման ուղղեալ հաւանական գործողութիւններուն առընչութեամբ նախընթաց օր հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, որ Մուսուլի պարագային քայլերը պէտք է առնուին չափազանց զգուշութեամբ։ Արդարեւ, այստեղ գործուելիք սխալ մը ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ տարածքաշրջանին վրայ։
Անգարայի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Քալըն ընդգծեց, որ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի առումով ի յայտ բերած է նոր մոտել մը։
Միջազգային մեկնաբանները մօտալուտ կը համարեն Մուսուլի ազատագրման գործողութիւնը։ Յամենայնդէպս, Անգարայի եւ Պաղտատի իշխանութիւններուն միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ մնալ հիմնական խոչընդոտներէն մին։ Միացեալ Նահանգներն ալ, որ կը գլխաւորէ միջազգային համախոհութիւնը, կը փորձէ յարմար մթնոլորտ մը ստեղծել՝ որպէսզի Անգարա-Պաղտատ առանցքին լարուածութիւնը մեղմանայ նպատակասլաց ձեւով։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այս նիւթին վերաբերեալ տեսակէտները կը պարզէ բաւական յստակ։ Ամերիկեան կողմը կ՚ընդգծէ, որ Մուսուլի պարագային որեւէ համագործակցութիւն պիտի չկատարուի ՓՔՔ-ի հետ ու միեւնոյն ժամանակ Թուրքիա պէտք է ըմբռնումով մօտենայ տարածքաշրջանի ժողովրդագրութեան նկատմամբ։
Ամերիկեան կողմը Մուսուլի հարցին շուրջ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ զգուշացումներով եւ յայտնի դարձուց, թէ հակուած է դիրք գրաւել Պաղտատի կողքին։ Ըստ մեկնաբաններու, առանց անուն տալու որոշ պատգամներ հասցէագրուեցան նաեւ Անգարային։ Ուաշինկթընի աղբիւրները ընդգծեցին, որ ինչպէս քանիցս կրկնած են՝ ԱՄՆ կը պաշտպանէ Իրաքի ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։ Հետեւաբար, Իրաքէ ներս միջազգային բոլոր ուժերը պէտք է գտնուին համախոհութեան հովանոցին ներքեւ, Իրաքի կառավարութեան հաւանութիւնով եւ համակարգումով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն այս իրավիճակին մէջ քննադատեց ամերիկեան կողմին դիրքորոշումը այս հարցին շուրջ։ Ի շարունակութիւն վերջին օրերու ելոյթներուն՝ Էրտողան երէկ ալ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա կը ձգտի միջազգային համախոհութեան զօրքերուն մէջ գտնուիլ՝ Մուսուլի ազատագրման համար նախատեսուած գործողութիւններուն ժամանակ։ Այլապէս, եթէ չներգրաւուի այդ միջազգային համախոհութեան մէջ, ապա թրքական կողմը ունի նաեւ իր պահեստի վարկածները։
Իր կարգին, կառավարութեան բանբերը՝ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան հասած են պատերազմելու կէտին։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ պարագային ԱՄՆ չունի յստակ ծրագիր մը եւ անճարութեան մէջ աջ ու ձախ կը տատանի։ Փոխ-վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Մուսուլի պարագային եւ ըսաւ, թէ Պաշիքայի մէջ Թուրքիոյ գոյութիւնը օրինական է։ Թուրքիա այնտեղ պիտի մնայ՝ որքան ատեն, որ իր գոյութեան կարիքը շարունակուի։ Ըստ իրեն, Մուսուլը ազատագրելու համար ահաբեկչական ուրիշ խմբաւորումներ այնտեղ պէտք չէ հրաւիրուին։ Այդ պարագային ո՛չ խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի Իրաքի մէջ եւ ոչ ալ կը լուծուի Մուսուլի հարցը։