ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներուն գագաթաժողովը։ Այս առթիւ Երեւան այցելեցին ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Տաճիկիստանի Նախագահ Իմամալի Ռահմանով, Խրղըզիստանի Նախագահ Ալմազպէկ Աթամպայեւ, ինչպէս նաեւ Ղազախիստանի Վար-չապետ Պահըթճան Սակինթայեւ՝ քանի որ առողջական պատճառներով կը բացակայէր Նուրսուլթան Նազարպայեւ։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի Երեւանի նստաշրջանի աւարտին հաստատուեցաւ այս կազմակերպութեան մինչեւ 2025 թուականը հետեւելիք ռազմավարութիւնը։
ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին շրջագծով երէկ օրուան տեւողութեան զանազան ձեւաչափով ժողովներ տեղի ունեցան Երեւանի մէջ։ Օրուան սկիզբին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ առաջին ժողովը։ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, պաշտանութեան նախարարները եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները գումարեցին համատեղ ժողով մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, մինչ անդամ երկիրներու ղեկավարները արդէն կը ժամանէին Երեւան։ Աւելի վերջ, ժողովները շարունակուեցան նախագահական ապարանքէն ներս։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները առաջին հերթին մէկտեղուեցան սեղմ շրջանակի մը մէջ։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմով ժողովը, որու ընթացքին նախագահները համախմբուեցան առաւօտեան նիստի մասնակից բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։
Գագաթաժողովի աւարտին, որպէս հիւրընկալ երկրի ղեկավար Սերժ Սարգսեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժայի հետ։ Ան այս առթիւ տեղեկացուց, որ Երեւանի նիստի օրակարգէն դուրս թողուած է կազմակերպութեան յաջորդ ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցը եւ այդ նիւթին շուրջ որոշում պիտի կայացուի տարեվերջին Ռուսաստանի մէջ նախատեսուած հաւաքին ժամանակ։ Հարկ է յիշեցնել, որ նախապէս ալ յիշեալ որոշումը յետաձգուած էր անծանօթ պատճառներով։ ՀԱՊԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը պիտի ըլլայ Հայաստանի ներկայացուցիչը, ըստ կազմակերպութեան ռոթասիոնին։
ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի գագաթաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեսանկիւնէն ալ հետաքրքրական իրադարձութիւններու առիթ հանդիսացաւ։ Քրեմլինի յառաջատար պաշտօնեաներէն Եուրի Ուշաքով գագաթաժողովի նախօրեակին յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ-ի ղեկավարները Երեւանի մէջ յայտարարութիւնով մը հանդէս պիտի գան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Երէկ առաւօտ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս գումարուած ժողովին ընթացքին ալ պատրաստութիւններ տեսնուեցան այս ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, օրուան տեւողութեան, աւելի ուշ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով լրագրողներուն տեղեկացուց, որ այսպիսի յայտարարութիւն մը պիտի չըլլայ։ «Ոչ, այսօր ոչ», ըսաւ Փեսքով՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ղարաբաղեան հարցին անդրադարձաւ գագաթաժողովը ամփոփած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Ըստ իրեն, ՀԱՊԿ-ի գործընկերները աջակցութիւն յայտնեցին այս տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին ձօնուած գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն նկատմամբ։ Ծանօթ է, որ այդ պայմանաւորուածութիւնները ուղղուած են հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի սրուելու կանխման, իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացման համար պայմաններու ձեւաւորման։ «Նստաշրջանի ժամանակ հաստատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը, աջակցութիւն յայտնուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու ու չափանիշներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան տրամադրութիւններու, Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիման վրայ՝ մասնաւորապէս ուժի չկիրառման կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի անթոյլատրելիութեան, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներուն վերաբերեալ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Երեւանի մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան տեսակէտէ ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս նախարարը Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ դրական դեր մը խաղալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Թուրքիա կրնայ դրական դեր մը խաղալ՝ ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաշրջափակումը, ապահովելով տարածքաշրջանէ ներս բնականոն տնտեսական համագործակցութիւն։ Սա այնպիսի կարեւոր գործօն մըն է, որ մենք միշտ հաշուի կ՚առնենք։ Եթէ Հայաստան եւ Թուրքիա յանկարծ վերադառնան իրենց պայմանաւորուածութիւններու կատարման՝ այդ մէկը առանց կապելու ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ, մենք միայն ուրախ կ՚ըլլանք։ Սակայն մեր տպաւորութիւններով, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթացը առանցքային նշանակութիւն ունի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ», ըսաւ ռուս նախարարը։
Լաւրովի այս յայտարարութեան անմիջապէս արձագանգեց Երեւանի ղեկավարութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան ըսաւ. «Հայաստան նախկինին պէս կը կարծէ, որ Թուրքիան պէտք է հնարաւորինս հեռու պահել ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացէն»։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ ղարաբաղեան հակամարտութեան անդրադարձած էր Սթրազպուրկի մէջ՝ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին։ Աշնան նստաշրջանին շրջագծով Չավուշօղլու արտայայտուած էր Լեռնային Ղարաբաղի յարակից անվտանգութեան գօտիէն հինգ շրջաններու Ատրպէյճանի վերադարձուելուն մասին։ Երեւանի ղեկավարութիւնը Չավուշօղլուի Սթրազպուրկի ելոյթին եւս արձագանգած էր անմիջապէս՝ նման արտայայտութեամբ։
Ուշագրաւը այն է, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին նոյն թոնով արձագանգած է թէ՛ իր ամենաանհաղորդ հարեւանին՝ Թուրքիոյ կողմէ հնչած տեսակէտին եւ թէ իր ռազմավարական դաշնակցին՝ Ռուսաստանի կողմէ հնչած տեսակէտին։
ՄՈՍԿՈՒԱ ԼԱՒԱՏԵՍ ՉԷ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի մէջ՝ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին։ Այս աշնան նստաշրջանին շրջագծով գերմանացի նախարարը ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ընդգծեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղ հասանելի պէտք է ըլլայ մարդու իրաւունքներու կացութիւնը ուսումնասիրելու համար։
Շթայնմայէր Սթրազպուրկի ելոյթին ընթացքին անդրադարձ կատարեց զանազան հակամարտութիւններու, որոնց շարքին կանգ առաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ «Ես կ՚աջակցիմ Եւրոխորհուրդի իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան, որ ուղղուած է ապահովելու մշտական հասանելիութիւն Խրիմի տարածքներուն, որպէսզի ուսումնասիրուին մարդու իրաւունքները։ Սա կը վերաբերի ոչ միայն Խրիմին, այլ նաեւ Աբխազիոյ, Լեռնային Ղարաբաղին։ Մարդու իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ գերման նախարարը։
Անդրադառնալով Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներէն ներս մարդու իրաւանց վերաբերեալ իրավիճակին՝ Շթայնմայէր աւելցուց. «Մենք պէտք է մուտք ունենանք նաեւ Խրիմ՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակը հասկնալու համար։ Նման հնարաւորութիւն պէտք է ունենանք նաեւ Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ, Մերձտնեսդրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Մեր եւրոպական ցամաքամասէն ներս պէտք չէ ըլլան «մոխրագոյն տարածքներ» մարդու իրաւունքները յարգելու տեսանկիւնէն»։
Միւս կողմէ, Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով յայտարարեց, որ Մոսկուա չունի լաւատեսութեան հիմքեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մօտաւոր ապագային կարգաւորման կապակցութեամբ եւ պիտի շարունակէ աշխատանքը Երեւանի եւ Պաքուի հետ։
Ուշաքով այս յայտարարութիւնը ըրաւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին առթիւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Երեւան մեկնելէն անմիջապէս առաջ։ Ուշաքով չնախընտրեց բացայայտել բանակցութիւններու ներքին խոհանոցային մանրամասնութիւնները ու գոհացաւ տեղեկացնելով, որ կը քննարկուին զանազան տարբերակներ եւ առաջարկներ։ «Բայց կը կրկնեմ, տակաւին հիմքեր չկան առանձնապէս լաւատեսութեան համար», ըսաւ ան։
Եուրի Ուշաքով խօսեցաւ նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին համար մատակարարուած զէնքերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Մոսկուա Երեւանի դաշնակիցն է եւ իրաւունք ունի մատակարարել այն սպառազինութիւնները, որոնց մասին պայմանաւորուած է գործընկերներուն հետ։ «Այստեղ անսպասելի որեւէ բան չկայ ոեւէ մէկուն համար։ Ըստ իս, նաեւ մեր ազէրի գործընկերներուն համար։ Ինչպէս գիտէք, մենք նոյնպէս զէնք կը մատակարարենք նաեւ Ատրպէյճանին», ըսաւ Ուշաքով։
Հարկ է յիշեցնել, որ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին հետամուտ ԵԱՀԿ-ի Մինսքան խմբակի համանախագահ երկիրները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւս վերջին օրերուն թերահաւատութեամբ արտայայտուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մասին։