ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տը ե­րէկ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ բա­նա­ձե­ւի մը, ո­րու հի­ման վրայ պի­տի քրէա­կա­նա­ցուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտու­մը։ Ժխտո­ղա­կան օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տէն ներս ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ 156 կողմ եւ 146 դէմ քուէ­նե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ։

Ծե­րա­կոյ­տի կող­մէ ըն­դու­նուած բա­նա­ձե­ւը վերս­տին պի­տի ու­ղար­կուի Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի քննարկ­ման եւ ան­վի­ճար­կե­լի փո­փո­խու­թիւն­նե­րով ե­րեք շա­բաթ վերջ պի­տի ստա­նայ օ­րէն­քի ուժ։

Ֆրան­սա­յի մէջ 2006 թուա­կա­նէն ի վեր հա­յե­րը աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ որ­պէս­զի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րուն ժխտու­մը քրէա­կա­նա­ցուի։ Թրքա­կան մա­մու­լը կը մատ­նան­շէ, որ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­նե­րուն ա­նոնք ար­դէն հա­սած են ի­րենց այս նպա­տա­կին։

Ֆրան­սա­յի Թրքա­կան պատ­մու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րի միու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի դատ մը բա­նալ այս օ­րէն­քի վերջ­նա­կան ըն­դու­նուե­լէն վերջ՝ որ­պէս հա­կա­ռակ տե­սա­կէտ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ֆրան­սա­յի մէջ ա­ւե­լի ա­ռաջ ալ ըն­դու­նուած էր նման օ­րէնք մը եւ այդ մէ­կը ջնջուած՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ։

ՎԱ­ՏԻ­ԿԱ­ՆԻ ՊԱ­ՐԱ­ԳԱՆ

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայտ­նեց, որ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ չեն հա­մընկ­նիր Վա­տի­կա­նի եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պի դիր­քո­րո­շում­նե­րը։

Պա­տաս­խա­նե­լով ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Էօ­մէր Ֆեթ­հի Կիւ­րէ­րի մէկ հարց­ման՝ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ Վա­տի­կա­նի ա­ռանց­քով։ Ընդ­դի­մա­դիր ե­րես­փո­խա­նը նա­խա­րա­րին հար­ցում մը ուղ­ղեց՝ Սրբա­զան Պա­պի ան­ցեալ Յու­նի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կե­լուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ի պա­տաս­խան Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու նշեց, թէ Սրբա­զան Պա­պը 12 Ապ­րիլ 2015 թուա­կա­նին ալ օգ­տա­գոր­ծած էր նոյն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ այս պատ­ճա­ռով Թուր­քիա Վա­տի­կա­նէն ետ կան­չած էր իր դես­պա­նը։ Նա­խա­րա­րին հա­մոզ­մամբ, Սրբա­զան Պա­պին տե­սա­կէ­տը չի հա­մընկ­նիր Վա­տի­կա­նի պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ։ «Ա-կըն­յայտ է, որ Պա­պին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը դժուար կա­ցու­թեան կը մատ­նեն նաեւ Վա­տի­կա­նի դի­ւա­նա­կա­լու­թիւ­նը», ը­սաւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016