ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ԱՌՋԵՒ

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծած էր Հայաստանի մէջ, անոր հերոսը բարձրացնելով պաշտամունքի պատուանդանին վրայ: Այս հերոսը՝ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ վայելել միեւնոյն ժողովրդականութիւնը, որուն ուժով ալ կը ջանայ ստեղծել նոր իրավիճակներ: Ժողովրդային զանգուածները տակաւին կը շարունակեն մնալ բարձր տրամադրութեան մէջ՝ խոստացուած լաւ օրերու հաշուոյն: Այդ տրամադրութեան շնորհիւ ալ ստեղծուած է աննախընթաց միաբանութիւն իշխողի եւ իշխուող զանգուածին միջեւ, ինչ որ առիթ կու տայ իրականացնելու քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական բարեփոխումներ երկրին բարելաւման ի խնդիր: Իրավիճակ մը, որ անկարելի էր երեւակայել նախկին իշխանութեանց օրերուն: Բացի խորհրդարանի մնացուկներէն՝ չկայ անհատ մը, որ տոգորուած չըլլայ լաւատեսութեամբ եւ չդրսեւորէ իր դժգոհութիւնը օլիկարխիայի տիրապետութեան նկատմամբ:

Այսօր զանգուածի տիրապետութեան շրջանն է Հայաստանի մէջ: Ընթացիկ շաբթուան մէջ Նիկոլ Փաշինեան համարեա կէս ժամուան ընթացքին յաջողեցաւ տասնեակ հազարներու հասնող զանգուած մը համախմբել Ազգային ժողովի շէնքին շուրջ, երբ այդ ժողովը օրինագիծ մը քուէարկած էր շրջանցելու զանգուածին ճնշումը օրէնսգիտական մարմնին վրայ: Ազդանշան մը, որ կը սպառնար կասեցնել յառաջխաղացը թաւշեայ յեղափոխութեան, օրինագիծերու ճամբով:

Փաշինեան, որ զանգուածը ոտքի է հանած, այսօր կը դիմագրաւէ պարտաւորութիւնը զայն օրէնքի եւ օրինականութեան ծիրէն ներս պահելու. մարտահրաւէր մը, որ պիտի սպառէ իր ուժերն ու հնարաւորութիւնները: Որովհետեւ զանգուածը իր վրէժխնդրութեան մէջ կ՚ուզէ շատ աւելի հեռու երթալ, քան Փաշինեանի դիտաւորութիւնը կը հանդուրժէ: Տեսակ մը Կէօթէի «Կախարդին աշկերտ»ին կացութիւնը, որ կը սպառնայ դուրս գալ հակակշիռէ:

Այդ կացութեան մէկ ցայտուն արտայայտութիւնն է «Սասնայ ծռեր» շարժումին քաղաքականացումը: Արդարեւ, այդ խումբին անդամները, որոնք բանտարկուած էին մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութեան կայացումը - որովհետեւ գրաւած էին ոստիկանատունը՝ սպաննելով երեք ոստիկաններ - այսօր դուրս ելլելով բանտէն կազմած են քաղաքական կուսակցութիւն մը: Այդ կուսակցութեան կանոնագրութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական կարգախօսներն ու նպատակները, բաւական հեռուն կ՚երթան: Անոնք կը ծրագրեն Հայաստանը դուրս բերել «ռուսական տիրապետութեան ստրկութենէն», ջարդել եւ ոչնչացնել նախկին իշխանաւորները եւ մէկ խօսքով՝ ապակայունացում ստեղծել Հայաստանի մէջ ու շուրջ:

Ի դէպ, Փաշինեան բաւական անզուսպ էր այն օրերուն, երբ կը գտնուէր ընդդիմութեան շարքերուն մէջ: Սակայն, անգամ մը որ ստանձնեց պետութեան ղեկը՝ զգաց օրէնքով եւ օրինականութեամբ գործելու սահմանափակումները: Կը մնայ, որ ան կարենայ չափաւորութեան այդ պահանջով դաստիարակել այն զանգուածները, զորս ոտքի հանած էր ի խնդիր իշխանափոխութեան:

Նոյնպէս, ան զգաց նաեւ միջազգային յարաբերութեանց կանոնները, անգամ մը որ սկսաւ մուտք գործել դիւանագիտական դարպասներէն ներս: Ոգեւորութեան մէջ առնուած կարգ մը որոշումներ՝ անմիջապէս վերածուեցան դիւանագիտական տագնապներու: Օրինակ՝ զօրավար Խաչատուրովի ձերբակալման հրամանագիրը՝ երբ վերջինս կը գտնուէր ռազմական բարձրագոյն պաշտօնի մը վրայ Մոսկուայի մէջ. կամ նախկին պաշտպանութեան նախարար զօրավար Միքայէլ Յարութիւնեանի դէմ արձակուած ամբաստանութիւնը:

Սակայն, Հայաստանի ներքաղաքական տագնապը սկսաւ, երբ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ - ուր գացած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու - յայտարարեց, որ իր վերադարձին պիտի խորհրդակցէր խորհրդարանական ուժերու հետ լուծարելու խորհրդարանը եւ մինչեւ դեկտեմբեր կայացնելու արտահերթ ընտրութիւններ: Հանրապետական կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակիցները - Բարգաւաճ Հայաստան ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը - որոնք դեռ պատրաստ չէին իրենց վիզերը կացինին տակ դնելու, դիմեցին ինքնապաշտպանութեան, քանի Փաշինեան կը սպառնար ժողովրդային ճնշումով իրականացնել իր նպատակը, բանակցութեան ձախողութեան պարագային: Խորհրդարանը 63 քուէի մեծամասնութեամբ քուէարկեց Ազգային ժողովի մէկ անդամին՝ Արփինէ Յովհաննիսեանի կողմէ առաջարկուած օրինագիծ մը: Այդ օրինագիծը Ազգային ժողովի նիստը ընդհատուած եւ ոչ ջնջուած կը նկատէր, երբ ժողովրդային զանգուածի ճնշումով դադար կ՚առնէր անոր բնականոն ընթացքը:

Բնականաբար այս քայլը զայրացուց վարչապետ Փաշինեանը, որ հրապարակաւ պաշտօնանկ հռչակեց Բարգաւաճի եւ Դաշնակցութեան պատկանող նախարարներն ու մարզպետները:

Փաշինեան կը շարունակէ պնդել, թէ Ֆրանքոֆոնիի համաժողովէն վերջ պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն, որպէսզի երբ ձախողի նոր վարչապետ ընտրելու փորձը երկու շաբաթէն՝ օրինաւորապէս լուծարուի Ազգային ժողովը եւ պատրաստուին արտահերթ ընտրութիւններու:

Փաշինեանի գործադիր իշխանութեան եւ խորհրդարանի օրէնսդիր մարմնին միջեւ յառաջացած հակամարտութիւնը անդամալուծած է երկիրը: Երկու կողմին համար ալ էական է ժամանակը. Փաշինեան կը փութայ օգտուիլ ժողովրդական զանգուածներու դրական տրամադրութիւններէն եւ արձանագրել համոզիչ յաղթանակ մը, ինչպէս տեղի ունեցաւ Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի ընտրութեան, որոնց ընթացքին Փաշինեանի դաշինքը տարաւ ջախջախիչ յաղթանակ մը 81 տոկոս քուէներով:

Խորհրդարանի հակակշիռը իր տիրապետութեան ներքեւ ունեցող Հանրապետական կուսակցութիւնը, իր կարգին, ճակատագիրը կապած կը թուի ըլլալ ժողովրդային տրամադրութեանց, եթէ յաջողի ընտրութեանց թուականը յետաձգել մինչեւ 2019-ի մայիս ամիսը: Մինչ այդ կը հասնի ձմեռը, երբ ջեռուցման դժուարութիւնները, միացած հացի գինի բարձրացման (Վրաստանի տարանցիկ առեւտուրի խաղերուն պատճառով), կրնան քուէարկողներուն տրամադրութիւնները փոխել եւ Փաշինեանի ուժերուն զլանալ նման բացարձակ յաղթանակ մը:

Մինչ այդ, համացանցի եւ լրատու միջոցներու մեկնաբանները կը զգուշացնեն Փաշինեանը հրաժարելու փորձութեան դէմ: Քանի Հանրապետական կուսակցութիւնը յաջողեցաւ գաղտագողի քուէարկութեամբ խափանել Փաշինեանի առաջին նախաձեռնութիւնը, կրնայ նոյն խորամանկութեամբ նոր վարչապետ մը ընտրել Փաշինեանի հրաժարման պարագային, եւ նոյնիսկ՝ վերստին ձեռք առնել գործադիր իշխանութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան ջատագովն է բազմակարծութեան. վստահաբար կը հաւատայ ինք եւ կ՚ուզէ ալ գործադրել բազմակարծութիւնը. սակայն իրեն հետեւող զանգուածին համար որեւէ կարծիք ի նպաստ Հայաստանին որ չի բովանդակէր Նիկոլին պաշտամունքը՝ կը դառնայ հերետիկոսութիւն: Ատենին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, երբ ոեւէ հայ եւ թուրք ներկայանային դատարան, ինչ որ ալ ըլլային ճշմարտութիւնները, կը բաւէր որ թուրքը ամբաստանէր դիմացինը ըսելով որ «կրօնքիս հայհոյեց». արդէն կը շահէր դատը: Վտանգաւոր է զանգուածին այս օրուան մտայնութիւնը, թէ Նիկոլէն դուրս չկայ ճշմարտութիւն:

Ժամանակին, միեւնոյն պաշտամունքը կը տիրէր Նիկոլ Փաշինեանի մենտորին՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին նկատմամբ, որ աստուածացուած էր ընդդիմադիր զանգուածին կողմէ: Այսօր, անոր կարծիքը լսող չկայ: Այս բոլորին պատճառը այն է, որ անկախութեան 27 տարիներուն չկերտուեցաւ քաղաքական մշակոյթ: Այդ մշակոյթը կը կերտուի կուսակցութիւններով: Բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ կառավարութիւնները կը կազմուին կուսակցութիւններու կողմէ, որոնք ունին աւանդութիւն եւ գաղափարախօսութիւն: Իսկ Հայաստանի մէջ կուսակցութիւնները կազմուեցան եւ լուծուեցան անձերու եւ անոնց քսակներուն շուրջ: Յամառ պայքար մղուեցաւ աւանդական կուսակցութեանց դէմ, որոնք - ճիշդ է - չունէին պետական փորձառութիւն, սակայն մէկ դարէ աւելի գործած էին իրենց վայրերու քաղաքական կեանքին մէջ եւ իրենց այդ փորձառութեամբ ալ կրնային կուսակցականութեան ներմուծումը ապահովել երկրին մէջ, իբրեւ հիմք, անոր վրայ կերտելու գաղափարաբանութեան տէր կուսակցութիւններ:

Թաւշեայ յեղափոխութեան յառաջացուցած լաւատեսութիւնը կը բաժնէ նաեւ սփիւռքը: Սակայն, սփիւռքը պահպանողական է եւ վերապահ՝ յեղակարծ շրջադարձներու նկատմամբ: Երբ թաւշեայ յեղափոխութիւնը ընթացքի մէջ էր արտերկրի մէջ, ոգեւորութեան դրօշը կը պատկանէր Կլենտէյլ կամ Մարսէյլ հաստատուած հայաստանցիներուն: Աւանդական սփիւռքը կամ անտարբեր էր եւ կամ՝ վերապահ, մինչեւ յաղթական ելքը Փաշինեանի շարժումին:

Այսօր, լաւատեսութիւնը միացուցած է սփիւռքն ու հայրենիքը: Կը մնայ տեսնել, թէ այդ լաւատեսութիւնը որքանով պիտի սատարէ երկրին օրէնսդրական տագնապի լուծման ու արտաքին վտանգներու վերացման:

Խմբագրական՝ «Պայքար»ի, Պոսթոն

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018