ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՍԱՀՄԱՆԸ ԽԱԽՏՈՒԱԾ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ հերթական անգամ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ Ռուսական սահմանապահ զօրքերը երէկ սահմանի Արտաշատի հատուածին մէջ ձերբակալեցին այդ սահմանախախտը։ Թեքնիկ սարքաւորումներու կողմէ փոխանցուած ազդանշանին հիման վրայ կատարուեցան որոնման աշխատանքներ։ Ծառայողական շունը կարճ ժամանակի ընթացքին յայտնաբերեց սահմանախախտը։ Սահմանապահ զինուորները իր մօտ որեւէ փաստաթուղթ չգտան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սահմանախախտը Իրանի քաղաքացի է։ Ան յայտնած է, որ սահմանը հատած է զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար։ Ռուս սահմանապահները հրապարակած են լուսանկար մը, ուր կ՚երեւին սահմանախախտի մօտ յայտնաբերուած թղթադրամներ եւ հեռաձայն մը։

Ռուս սահմանապահները սահմանախախտը յանձնած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018