ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

Արցախի առկայ պատերազմը արդէն ընթացքի մէջ է աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր։ Այս ամբողջ ժամանակաշրջանը, արիւնալի բոլոր իրադարձութիւններով եւ աշխարհաքաղաքական երեսակներով հանդերձ, լայնօրէն մատուցուած է համաշխարհային մետիային կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան կարգ մը գլուխներ, որոնք կը վերաբերին ուժանիւթի համաշխարհային շուկային, Ռուսաստանի տարածքաշրջանային դերակատարութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներուժին, երրորդ կողմերու վերաբերմունքին, տարածքաշրջանի միւս դերակատարներուն, Անգարա-Մոսկուա ազդեցութեան պայքարին եւ այլն։

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով՝ Մոսկուայի մէջ գոյացած հրադադարի համաձայնութենէն առաջ կարգ մը մեկնաբանութիւններու պատասխանելով ըսած էր. «Ռուսաստանի շուրջ որեւէ օղակ չի սեղմուիր»։ Ռուսական եւ այլ շարք մը լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւնները կը բիւրեղանան Փեսքովի այս բանաձեւումի լոյսին տակ։ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանը կը մատնանշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը նոր տարածքաշրջանային կարգ մը կը ստեղծէ։ Մոսկուա եւ Անգարա կը ձգտին իրենց ազդեցութիւնը աւելցնել՝ բացառելով Արեւմուտքը։ Բայց եւ այնպէս, այստեղ նոր գլուխ մըն ալ կը բացուի անոնց մրցակցութեան մէջ։ «Pikinform»ի մօտեցումով, Մոսկուայի մէջ յայտարարուած հրադադարի համաձայնութիւնով յօդս ցնդած են այն պնդումները, ըստ որոնց Ռուսաստան այլեւս պիտանի չէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման համար։ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ն գրեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմը գլխացաւանք դարձած է միջազգային հանրութեան համար։ Նոյն տեսանկիւնէն Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու դրուածքի հասած կէտին առումով հետաքրքրական էր «Asia Times»ի բանաձեւումը. «Փութին. «շախ ու մաթ» ըսաւ Էրտողանին Կովկասի տախտակին վրայ»։ «Քարնեկի» հիմնարկին կողմէ կատարուած վերլուծութիւններուն մէջ ալ կը մատնանշուի, որ Էրտողան կը փորձէ Փութինը ներքաշել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով երկխօսութեան մը եւ այս ծիրին մէջ կը քննարկուին Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն վրայ հաւանական ազդեցութիւնները։ Այս վերլուծութիւններուն հետ համընկնած է նաեւ ռուս երեսփոխան Քոնստանդին Զատուլինի յայտարարութիւնը, ըստ որու Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի զինումը խախտած է սպառազինութեան հաւասարակշռութիւնը։ Ռուսական «Իզվեստիա» թերթը վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ մատնանշած է, որ Մոսկուայի մէջ գոյացած հրադադարի համաձայնութիւնը բաւարար չէ եղած, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերը կը շարունակուին եւ լարուածութիւնը նախկին մակարդակին վրայ է։

Արեւմտեան յառաջատար լրատուամիջոցները խոշորացոյցի տակ առած են նաեւ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ գոյացած հրադադարի համաձայնութիւնը։ «New York Times» կը նշէ, որ այդ համաձայնութեան մէջ շատ բան անորոշ կը մնայ։ «Քարնեկի» կեդրոնի վերլուծաբաններէն Թոմաս տը Վաալ Մոսկուայի մէջ յայտարարուած համաձայնութենէն անմիջապէս առաջ կը փնտռէր պատասխանը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հիմա սկսած է այս պատերազմը։ Իր կարծիքով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ վստահութեան խարխլուած ըլլալն է պատճառը։

«The New Arab» այս փուլին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ, Ատրպէյճանի թիկունքին կանգնելու համար միացան Թուրքիա, Իսրայէլ եւ Փաքիստան, որոնք խորքին մէջ լուրջ տարակարծութիւններ ունին իրարու հետ։ «Los Angeles Times», իր հերթին, գրած է, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը սպառնայ տարածքաշրջանային պատերազմի մը վերածուելու վտանգը։

Միջազգային մետիայի հաղորդումներուն մէջ ինքնին ի յայտ կու գայ Թուրքիոյ ազդեցութեան անբաղդատելիօրէն մեծցած ըլլալը։ «The Guardian»ի խմբագրականին մէջ արձանագրուած է, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը այս հարցին մէջ թէեւ ամենեւին օգտակար չի համարուիր, սակայն այս ողբերգութեան միւս կողմերն ալ չեն կարողացած պատասխանատու քայլերու ձեռնարկել։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները թէեւ կրնար աւելին ընել, բայց նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը չէ փափաքած նոր մարտահրաւէրներ նետել Ռուսաստանին, ինչպէս ըրած էր Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Ուքրայնոյ պարագային։ «The Guardian»ի այս դիտարկումները կու գան վերահաստատել ամերիկեան երկու աղբիւրներ։ «New York Magazine» հեգնանքով հարց տուած է. «Թրամփ արդեօք տեղեա՞կ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծագած պատերազմէն»։ Նոյնպէս, «The Hill» թերթն ալ ընդգծած է Թրամփի լռութիւնը այս հարցին շուրջ։ «Ամերիկայի ձայն»ի թղթակիցն ալ, որ այցելած է Ստեփանակերտ, կացութիւնը կը բնութագրէ՝ որպէս անվերջ պատերազմ։ Ամերիկեան քաղաքականութեան վերաբերեալ խորհրդածութիւններ հրապարակուած են նաեւ «National Review»ի մէջ։ Այս առթիւ դիտել կը տրուի, որ ժամանակն է լրջօրէն մտածելու Հարաւային Կովկասէ ներս ԱՄՆ-ի շահերու մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ԱՄՆ-ի որդեգրած քաղաքականութիւնը քննադատուած է նաեւ «Eurasianet»ի կողմէ։ «Twitter»ի միջոցաւ դիւանագիտութիւնը չի լուծեր ղարաբաղեան հակամարտութիւնը», մատնանշուած է այս առթիւ։ «The Washington Post» թերթն ալ անդրադարձաւ վարձկաններու հարցին եւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ մահացած է Սուրիայէն առնուազն 52 վարձկան։

«Kiev Times» թերթն ալ տեղ տուած է նախաձեռնութեան մը, որուն տասնեակ մարդիկ միացած են Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն։ Սա կը ցոլացնէ առաւել չափով մարդկային պատկեր մը. «Այս պատերազմը յաղթող չունի։ Ան միայն ողբերգութիւն, մահ, աղքատութիւն եւ անկախութեան կորուստ կը բերէ մեր տարածքաշրջանին»։

Լեռնային Ղարաբաղի առկայ լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, «Foreign Policy»ն ալ տեղ տուած է Պաքուի տեսակէտէ յատկանշական խորհրդածութիւններու. «Ատրպէյճանի բանակը դժգոհ է, փտած եւ անարդիւնաւէտ։ Նոր պատերազմը արդեօք կը փոխէ՞ իրավիճակը։ Դժուար է տեսնել Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի յաղթական գրաւումը։ Հայկական կողմը կը տիրապետէ բարձունքներու, ինչ որ չափազանց կը դժուարացնէ լեռնային տարածքի մէջ յառաջխաղացումը»։ Այս դիտարկման լոյսին տակ անանտեսելի էր ռուսական վերլուծական կեդրոնի մը կողմէ երէկ հրապարակուած տեսակէտը, ըստ որու Հայաստան տակաւին ի գործ չէ դրած իր հեռահար հրետանիի եւ հրթիռներու յաղթաթուղթը։ Եթէ այդ բոլորը ի գործ դնելու անհրաժեշտութիւն մը ստեղծուի, ապա Պաքու կրնայ լիակատար ձախողումի մը դէմ յանդիման մնալ։ «De Volkskrant»ն ալ կը յիշեցնէ, որ Կովկասի մասնագէտներու շարքին շատ սակաւաթիւներ կը կասկածին, թէ Ալիեւ սկսած է պատերազմը։

«Regnum» ռուսական վերլուծական կայքն ալ հակամարտութեան սրման զուգահեռ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է հարցումի մը վրայ. ի՞նչ կ՚ըլլայ եթէ այս հակամարտութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղ դիմակայէ։ Կայքէջի մեկնաբաններէն Ալեքսանտր Խալտէ այս պարագային երկու վարկած կը կանխատեսէ։ Այսպէս, կա՛մ Ատրպէյճանի մէջ յեղափոխութիւն կ՚ըլլայ եւ Ալիեւ կը հեռանայ, եւ կամ յեղափոխութիւնը կը կասեցուի եւ Ալիեւ կը պահէ իշխանութիւնը։ Առաջին տարբերակը աւելի հաւանական կը համարուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սաստիկ հակամարտութեան շարունակման պարագային։ Սա պատճառ կրնայ դառնալ, որ միջոցները սպառին եւ յարձակող երկիրը փակուղիի մատնուի։ Երկրորդ վարկածը աւելի հաւանական կը դառնայ, եթէ մինչեւ տագնապի գագաթնակէտին հասնիլը սկսին բանակցութիւնները։ Մեկնաբանը դիտել կու տայ, որ Իլհամ Ալիեւ տկարացած կերպար մըն է։ Ատրպէյճանի մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը «Մուսավվաթ»ն է։ Այս վերջինը Թուրքիային աւելի մօտ է՝ Ալիեւի բաղդատմամբ։ Ըստ հեղինակին, ստեղծուած պատերազմական իրավիճակը կրնայ փրկել Ռուսաստանը, որու համար ձեռնտու է կանխել աղէտը Անդրկովկասի մէջ եւ անոր շրջափակումը Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Բոլորը փաստացի կը պահեն իրենց դիրքերը ու կարելի է այս մէկը լաւագոյն ելքը համարել բոլորի համար՝ բացի Թուրքիայէն։ Մեկնաբանը չի բացառեր իրադարձութիւններու տեւողութեան նախագահներ Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ տարակարծութիւններու ծագիլը։

Ռուսաստանի Կովկասագէտներու գիտական միութեան նախագահ Ալեքսանտր Քրիլովն ալ վերջերս իր կանխատեսումները բաժնեց շարք մը հայկական կայքէջերու հետ։ Ըստ իրեն, եթէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը չյաջողի միջոցներ գտնել Պաքուն համոզելու համար՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի ռազմական լուծման անընդունելիութեան մասին, ապա պէտք է սպասել Ատրպէյճանի նոր յարձակումներու։ Աւելի քան երկու շաբաթ տեւած մարտերէն յետոյ ակնյայտ դարձած է, որ ձախողած է սրընթաց ճանապարհով խնդիրը լուծելու Պաքուի փորձը։ Ըստ գիտնականին, անկասկած՝ եթէ Ատրպէյճանի բանակը յաղթականօրէն յառաջ շարժուէր, ապա կրակի դադրեցման շուրջ որեւէ բանակցութիւն պարզապէս տեղի պիտի չունենար։ Այսինքն, Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթ հրապարակուած հրադադարի յայտարարութիւնը ձեւով մը կ՚ապացուցանէ, որ պատերազմի այժմու ընթացքը ամբողջութեամբ նախընտրելի չէ նաեւ Ատրպէյճանի տեսակէտէ։

Տարածքաշրջանի յառաջատար դերակատարներէն Իրան ցարդ հաւասարակշռող դեր մը կը կատարէ եւ չէզոք դիրքորոշում կը պահէ։ Թեհրան մտահոգուած է տարածքաշրջանէ ներս Իսրայէլի դերակատարութեան աճով։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի հիմնական ռազմական մատակարարը Իսրայէլն է եւ անոր ուղղակի ներկայութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ Իրանին։ Այս պատերազմին մէջ Իսրայէլի ստուերը դարձած է նկատելի եւ Իրան կողմնակից է, որ հակամարտութիւնը հնարաւորինս շուտ վերջ գտնէ։ «The Jerusalem Post» թերթը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ Իսրայէլի դէմ քննադատութիւններու խտացած ներկայ շրջանին կը գրէ, որ Թուրքիա Ատրպէյճանը դրդած է Հայաստանի դէմ պատերազմի։ Այսպէս, օրէ օր կ՚աճին վկայութիւնները՝ Հայաստանի դէմ պատերազմի ուղղութեամբ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին։

Պատերազմը խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի նաեւ տնտեսական տեսանկիւնէն։ «Bloomberg»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Թուրքիա հռետորաբանութենէ անցած է բացայայտ գործողութիւններու։ Այս անգամ անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին։ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծէն 10 մղոն եւ հակամարտութեան գօտիէն 30 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին այն խողովակաշարները, որոնցմով Ատրպէյճանի բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Թուրքիա եւ միջազգային շուկայ։ Վերջին տարիներուն տարածքաշրջանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի հետաքրքրութիւնը նուազած է։ Ատրպէյճանի Պետական հարկային ծառայութիւնը արդէն տեղեկացուցած է, որ «Chevron» ամերիկեան ուժանիւթի խոշորագոյն ընկերութիւնը հեռացած է երկրի շուկայէն ու որեւէ նախագծի մասնակից չէ այնտեղ։ Ի դէմս Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի ազդեցութեան լծակներն ալ կը թուլանան։ Ուժանիւթի շուկաները անհանգիստ են խողովակաշարներու ենթարկուելիք հաւանական յարձակման մը հեռանկարով։ Այս պատերազմին հետեւանքով շուկաները տակաւին կրնան ցնցուիլ։ Նոյն նիւթին տեսակէտէ «The Sunday Times»ն ալ ամօթալի կը համարէ Անգլիոյ լռութիւնը Թուրքիոյ դէմ։ Թերթը այս կէտին վրայ յիշեցուցած է վարչապետ Պորիս Ճանսընի ընտանիքի նախնիներուն մէջ թուրքերու գտնուելու հանգամանքը եւ այս տեսանկիւնէն եւս կը հարցաքննէ Անգլիոյ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Նոյն թերթին մէջ Տոմինիք Լոուսոյի ստորագրութեամբ զարմանալի կը համարուի, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ քայլերը կը մատնանշուին միայն Ֆրանսայի կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային առնուած քայլերը կը համարուին Էրտողանի վճռականութեան վերջին օրինակը՝ դառնալու իսլամիզմի գլխաւոր ռազմական հովանաւորը ամէն հակամարտութեան մէջ։ Նոյն նիւթին կապակցութեամբ «The Times» անգլիական թերթն ալ նշած է, որ Թուրքիա մահացու  խաղ մը կը խաղայ եւ այս բանը լաւ գիտէ Պորիս Ճանսըն։

Ֆրանսական «Atlantico»ն ալ միջազգային զանազան ազդակներու լոյսին տակ կը մեկնաբանէ ստեղծուած իրավիճակը։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի սկսելէն ի վեր համաշխարհային հանրութիւնը կը փորձէ գուշակել Թուրքիոյ ձգտումները։ Մինչեւ վերջին ժամանակները Անգարա զուսպ դիրքորոշում մը ունէր։ 2019 թուականի վերջաւորութեան եւ 2020 թուականի սկիզբին Լիպիոյ մէջ միջամտութիւնը, արեւելեան Միջերկրականէ ներս պաշարներու հետախուզումը, հակառակ լարուածութեան ռիսքերու, գրեթէ անթաքոյց աջակցութիւնը Պաքուին… Այս բոլորը Թուրքիոյ՝ ուժանիւթի անկախութեան հասնելու եւ ուժերը հաստատելու կլոպալ ռազմավարութեան մաս կը կազմեն։ Նախագահ Էրտողան երկրի հզօրութիւնը կը դիտարկէ բացառապէս ազգի առաքելական գաղափարին մէջ, որով պէտք է առաջնորդէ արաբա-մահմետական սիւննի աշխարհը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնը անոր կլոպալ ռազմավարութեան վերջին արտացոլումն է։ Ատրպէյճանին յատկացուած քաղաքական եւ ռազմական օգնութիւնը կը համընկնի թուրք ազգայնականներու՝ բոլոր թրքալեզուները միաւորելու գաղափարին հետ։ Այս բոլոր աշխարհաքաղաքական եւ մշակութային իրադարձութիւններուն պատճառով ալ անհանգիստ է նաեւ Իրան եւ կը հետեւի թրքական ընդլայնման դէպի իր սահմանները։ «IRNA» գործակալութիւնն ալ ընդգծած է, որ տարածքաշրջանը կրնայ նոր ու ապահով ապաստանարանի մը վերածուիլ զինեալ գրոհայիններու համար՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հաւանական հետեւանքներուն։

Միջազգային մամուլի մօտեցումներուն մէջ ալ ատեն-ատեն կրօնական երանգ կը վերագրուի այս խնդրին։ «Frontpage»ի բանաձեւումով՝ Թուրքիա կը գլխաւորէ եւս մէկ ճիհատ՝ այս անգամ քրիստոնեայ Հայաստանի դէմ։

Այս խայտաբղէտ համայնապատկերին վրայ, պատերազմի սկսած օրէն ի վեր Երեւան շարք մը առանցքներու շուրջ կը փոխանցէ իր պատգամները միջազգային հանրութեան։ Ցայսօր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով հնչեցին զանազան յայտարարութիւններ։ Հայկական կողմը համոզուած է, որ այս պատերազմը Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին կողմէ երկարաժամկէտ ծրագրուած գործողութիւններու հետեւանքը եղած է։ Թուրքիա առիթ կը փնտռէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ աւելի լայնօրէն ներգրաւուելու համար։ Յամենայնդէպս, հայկական կողմը համոզուած է, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ձախողած են երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան առաջադրանքներու կատարման առումով։ Հայկական կողմը կը մատնանշէ, որ սա բռնապետութեան պատերազմ է ժողովրդավարութեան դէմ եւ իր նպատակն է տարածքաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը։

Ատրպէյճանի զօրքերու շարքին ընդգրկուած վարձկաններու խնդրին շուրջ ալ հայկական կողմը յաճախ ահազանգ կը հնչեցնէ։ Նկատի ունենալով, որ այդ զինեալները, ըստ էութեան, Մերձաւոր Արեւելքէն առաջնորդուած են դէպի Ատրպէյճան՝ հայկական կողմը այս առումով մասնաւոր առաջնահերթութիւն կու տայ արաբական աշխարհը համոզելու խնդրին։ Այս առումով շատ բաց եւ ուշագրաւ էր «Alghad TV»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը. «Հայաստան եւ տարածքաշրջանը մեծ վտանգներ կը դիմակայեն, ժամանակն է, որ ձեր ձայնը բարձրացնէք ու ճշմարտութիւնը պաշտպանէք»։ «Ahval» թերթն ալ գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ներգրաւումը Թուրքիան կը մեկուսացնէ Ատլանտեան դաշինքի իր դաշնակիցներէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020