ԹԱԼԻՊԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Աֆղանիստանէն բարձր մակարդակով պատուիրակութիւն մը։ Այդ երկրէն ներս Թալիպանի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Թուրքիա կատարուած առաջին բարձր մակարդակի այցելութիւնն էր այս մէկը։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդունեց Աֆղանիստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էմիրհան Մութթաքիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, դռնփակ բանակցութիւններուն կապակցութեամբ դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուեցան զանազան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց կողմերը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկած են Աֆղանիստանի վերջին կացութիւնը։ Նախարար Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ Թուրքիա ցարդ միջազգային հանրութեան բացատրած է Թալիպանի ղեկավարութեան հետ յանձնառութեան մէջ մտնելու կարեւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ ճանաչումն ու յանձնառութիւնը տարբեր բաներ են։ Այս փուլին Թուրքիա կարգ մը խորհուրդներ ալ տուած է Թալիպանի ղեկավարութեան։ Թրքական կողմը այս բանը չէ ըրած՝ Արեւմուտքի նման վերէն նայելով դաս տալու ձեւով, նախապայմաններու բնոյթով, սակայն խորհուրդները տրուած են անոնց կարեւորութեան բացատրումով։ «Ամէն բանէ առաջ երկրի միութեան ու միասնականութեան համար համընդգրկուն պէտք է ըլլան եւ այս բանը այսօր անգամ մը եւս իրենց ըսինք», յայտնած է Չավուշօղլու, որ կանգ առած է նաեւ իգական սեռի վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Նախարարը մատնանշած է կանանց ու աղջիկներու կրթութիւն ստանալու կարեւորութիւնը եւ կանանց աշխատանքային կեանքի մասնակցութեան խնդիրը։ Թրքական կողմը դիտել տուած է, որ սա միայն Արեւմուտքի նախապայմանը չէ, այլեւ մահմետական երկիրներուն ալ ակնկալութիւնն է։

Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձած է, որ կողմերը ինչ կրնան ընել՝ Աֆղանիստանէն գաղթականաց յաւելեալ հոսքը կանխելու համար։ Արդարեւ, Աֆղանիստանէն բազում գաղթականներ կը գտնուին ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ այս տարածքաշրջանի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ Անոնցմէ ոմանք կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրը։ Թալիպանի ղեկավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է, որպէսզի իր կարելին ի գործ դնէ՝ վերադառնալ ցանկացողներու պարագային։

Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ թրքական կողմի ակնկալութիւնները՝ Քապուլի օդակայանի կառավարման վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Հիւր պատուիրակութիւնը խնդրանք ներկայացուցած է մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ Աֆղանիստանէ ներս Թուրքիոյ ներդրումներու տեւականացման ուղղութեամբ։ Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութիւնը եւ այլ կառոյցներ Աֆղանիստանի հետ շփման մէջ պիտի ըլլան այս հարցերուն շուրջ։

Միւս կողմէ, կը ծրագրուի, որ յառաջիկային Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը այցելէ Աֆղանիստան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021