ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ՝ ՍԽԱԼ ՀԱՇՈՒԱՐԿԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔ

Այս օրերուն համացանցի վրայ շատ են յուզական մեկնաբանութիւնները՝ Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի տարելիցին հետ կապուած։ Մեր հայրենակիցներու զգացումները հասկնալի են, որեւէ նորմալ մարդ այդ զգացումները կ՚ապրի։ Բայց անոնք, որոնք ի հեճուկս բոլոր հանգամանքներու, կը պատրաստուին ապրիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ, պարտաւոր են առաջ նայիլ, իսկ ասոր համար պէտք է հասկնալ, թէ որոնք էին անցեալ պատերազմի պատճառները։ Սա կարեւոր է, որովհետեւ, ի տարբերութիւն ներկայ իշխանութիւններուն, ես չեմ կարծեր, թէ մեզի խաղաղ ժամանակաշրջան կը սպասէ։ Վերջերս ես լսեցի ամերիկացի յայտնի պատմաբան Սթիվըն Քոթքինի դասախօսութիւններէն մին եւ իր ձեւակերպումներէն մին ինձ դիւր եկաւ. «Պատերազմը դժբախտ պատահար չէր, պատերազմը սխալ հաշուարկի արդիւնք էր»։ Խօսքը տուեալ պարագային Առաջին համաշխարհային պատերազմի մասին էր, ան նկատի ունէր, որ այդ պատերազմէն, ի վերջոյ, ոչ ոք շահած էր՝ ոչ յաղթողները, ոչ պարտուողները։ Եւ եթէ Աւստրա-Հունգարիան, Բրիտանիան, Ռուսաստանը, Գերմանիան, Ֆրանսան, միւս խաղացողները իմանային, թէ պատմական քիչ թէ շատ երկար հեռանկարի առումով ինչ պիտի ըլլայ անոնց եւ աշխարհի հետ, այդ պետութիւնները պատերազմի չէին սկսեր ու չէին ներգրաւուեր անոր։ Կայ նաեւ «անհոգութիւն» մը, համոզմունք, թէ իբրեւ թէ տուեալ պետութեան գործողութիւնները գուցէ եւ լայնածաւալ պատերազմի չեն յանգեցներ։ Այս ամէնը սխալ հաշուարկի հետեւանք է։ Ես արդէն առիթ ունեցած եմ գրելու, թէ մեր ո՛ր թուլութիւններէն, ինչպէս նաեւ հիմնական խաղացողներու ո՛ր դիրքորոշումներէն օգտուած է Ատրպէյճան՝ պատերազմ սկսելով։ Հիմա այդ երկիրը (պաշտօնական ձեւակերպումներով, յամենայնդէպս) կը տօնէ իր «յաղթանակը», «տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը»։ Բայց արդեօք Ալիեւ հաշուարկա՞ծ է, թէ յետագայ տարիներու, տասնամեակներու ընթացքին ինչ հետեւանքներու պատճառ պիտի դառնայ ռուսական զօրքի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ, միւս կողմէ, Թուրքիայէ կախուածութեան մեծացումը։ Բայց այդ մասին թող ատրպէյճանցիները մտածեն։ Դառնալով մեզի, կրնամ վստահաբար ըսել, որ վերջին պատերազմը Հայաստանի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ ղեկավարներու սխալ հաշուարկի արդիւնք էր։ Չեմ ուզեր խորանալ այս հարցին մէջ, բայց ինձ համար ակնյայտ է, որ 1998 թուականէն սկսեալ մենք ինկանք երեւակայական պատկերներու գիրկը ու, ցաւօք, այդ տրամադրութիւնները պահպանուած են նաեւ այսօր։ Այժմ դարձեալ հաշուարկելու ժամանակն է՝ ինչ պէտք է ընել՝ նոր պատերազմը կանխելու համար։ Ակնյայտ պատասխաններն են՝ բանակը ուժեղացնել, անօդաչու թռչող սարքել գնել, երկրի տնտեսութիւնը զարգացնել։ Այդ ամէնը անհրաժեշտ է, բայց սա, վերջին հաշուով, դարձեալ սխալ հաշուարկ է, որովհետեւ սա կրնայ ըլլալ հետեւանք, ոչ թէ հիմք։ Աֆղանական բանակը ունէր թէ՛ անօդաչու թռչող սարքեր եւ թէ այլ գերժամանակակից զէնքեր, իսկ Թալիպանը չունէր։ Այդ բանակը պարտուեցաւ, որովհետեւ չկայ աֆղանական ազգային ինքնութիւն, որու հիման վրայ կը կառուցուի պետութիւնը։ (…)։

Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը իրենց PR-ները կ՚ընէին պատերազմի առաջին տարելիցին կապակցութեամբ, իսկ իրենց քարոզիչները հակառակ կողմը կը մեղադրէին դաւաճանութեան մէջ։ Սա ալ իրենց գործն է։ Թող զբաղին։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 28 սեպտեմբեր 2021 թուակիր

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021